2017-09-12 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը՝ ''Կը քաջալերեմ աշխարհի ղեկավարները գործելու ի սպաս մարդկութեան հասարակաց բարիքին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 12 սեպտեմբեր 2017-ին, ՄԱԿ-ի 72-րդ ընդհանուր ժողովի բացման նիստի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ քաջալերեց աշխարհի բոլոր ղեկավարները մէկդի դնելու իրենց շահերը ու միասնաբար գործելու վասն մարդկութեան հասարակաց բարիքին։ ''Կը քաջալերեմ աշխարհի բոլոր ղեկավարները որպէսզի մէկդի դնեն իրենց ոլորտային շահերը միասին որոնելու համար մարդկութեան հասարակաց բարիքը''- գրեց Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։

Նշենք թէ ՄԱԿը ''Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւնը'', միջկառավարական կազմակերպութիւն մըն է որ ստեղծուած է միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման, երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար։ Կառոյցի գործունէութեան հիմքերը եւ կառուցուածքը մշակուած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ հակահիթլերեան ուժերու միութեան առաջատար անդամներու կողմէն։ «Միացեալ ազգեր» անուանումը առաջին անգամ օգտագործուած է 1 Յունուար 1942-ին, ստորագրուած Միացեալ Ազգերու հռչակագրին մէջ։

ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ժողովին ընթացքին, որ տեւած է 1945 թուականի Ապրիլէն մինչեւ Յունիս, եւ ստորագրուած է 26 Յունիս 1945-ին՝ 51 պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէն։ Կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելու տարեթիւը (24 Հոկտեմբեր) կը նշուի որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան օր։ Ներկայ ժամանակին ՄԱԿ-ին կ'անդամակցին 193 երկիր։ Գլխաւոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցած է 10 Յունուար 1946-ին Լոնտոնի մէջ, Բ աշխարհամարտի աւարտէն մի քանի ամիսներ ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.