2017-09-12 15:07:00

«Այժմ յաջորդ քայլերը կախեալ են Քոլոմպիացիներէն» Քոլոմպիայի մէջ Պապական նուիրակ


«Ռատիօ Վատիկան» Քոլոմպիայի մէջ Պապական նուիրակ՝ Արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերօ Վատիկանի Ռատիոկայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապի Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան  հաշուեկշիռը։

Ան յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Քոլոմպիա  այցելեց՝ Քոլոմպիացի ժողովուրդին համար առաջին քայլը կատարելու։  Քոլոմպիացիները յենուելով Սրբազան Պապին վրայ, այժմ պատրաստ են հնարաւոր քայլեր ձեռնարկելու՝ երկրին մէջ խաղաղութիւն   վերակերտելու  համար։  

Արքելպիսկոպոսը  նշեց,  թէ Ֆրանչիսկսո Պապ Քոլոմպիա այցելութեան ժամանակ  տարբեր ապագայի  յոյս ներշնչեց, նոր երկիր մը կառուցելու յոյսը , որ   հիմնուած ըլլայ՝  սիրոյ, յարգանքի,  բնակչութեան կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքի եւ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան յարգանքի հիմքերու վրայ։ Արդարեւ՝ ըսաւ Պապակն Նուիրակը  Քոլոմպիացիները կամքն ու փափաքն ունին՝ նոր էջ մը  բանալ, եւ յատկապէս  դէպի առջեւ նայիլ։  Ուստի ՝  ֆրանչիսկոս Պապի Քոլոմպիա կատարած այցը  ուղղութիւններ տուաւ այդ ուղղութեամբ , Ան  լուսաբանեց համերաշխութիւնը կերտելու պայմանները, որոնք  կը կայանան ուրիշը յարգելու մէջ, արդարութեան հիման վրայ ճշմարտութիւնը ճանչնալու մէջ։

Ֆրանչիսկսո Պապ Քոլոմպիացի ժողովուրդին նկատել տուաւ, որ  արդարութիւնն ու  ճշմարտութիւնը երկու անբաժանելի տարրեր են որոնցմով կարելի է կառուցել նոր երկիրը։

Զրոյցի աւարտին Պապական  նուիրակը անդրադառնալով  Ֆրանչիսկսո Պապին  Քոլոմպիայի առաքելական  ճամբորդութեան ''Առաջին քայլը կատարենք''  կարգախօսին՝ ընդգծեց թէ այժմ՝ յաջորդ քայլերը  կախեալ են Քոլոմոպիացիներէն ։ Հնարաւոր է որ  անոնք  իրազեկ դառնան Ֆրանչիսկոս Պապի  խօսքերուն , զանոնք վերապրին  ապա գործնական գետնի վրայ իրականացնեն  ՝ըլլայ ընտանիքի ըլլայ քաղաքական մակարդակի վրայ։  

Պապական նուիրակը  ապա նշեց,  թէ եկեղեցին պէտք է ողջագուրէ  ֆրանիչսկոս Պապին պատգամը եւ զայն տարածէ, ապրելով ու վկայելով  զայն,  ոչ միայն խօսքով այլեւ ապրելակերպով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.