2017-09-11 01:30:00

Ըլլանք ''խաղաղութեան ստրուկներ, առ յաւէտ'' - Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժեշտի պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ձեզի կը թողում վերջին խօսք մը, կանգ չառնենք առաջին քայլին,  այլ շարունակենք քալել միասին ամէն օր, մէկը միւսին հանդիպելով, փնտռելով ներդաշնակութիւնն ու ու եղբայրութիւնը։ Չենք կրնար կանգ առնել''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վերջին յորդորը ուղղուած Քոլոմպիացիներուն, Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Քարթակենայի մէջ մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին հրաւիրելով կանգ չ՛առնել ու յառաջ ընթանալ հաշտութեան ճանապարհով։

Նորին Սրբութիւնը  յիշեց Սուրբ Փետրօ Քլավէրը որ 8 սեպտեմբեր 1654-ին կնքած էր իր մահկանացուն 40 տարիներ ամբողջ ծառայելով աղքատներուն։ Ան, ըսաւ Սրբազան Պապը, կանք չ՛առաւ ու  առաջին քայլին հետեւեցան այս քայլեր։ Անոր օրինակը մեզ կը մղէ դուրս ելլելու մենք մեզմէ ու ընթանալու դէպի մերձաւորը։ Քոլոմպիա` եղբայրդ քեզի պէտք ունի, գնա անոր հանդիպիր անոր տանելով խաղաղութեան համբոյրը, զերծ բռնութենէ. Ըլլանք ''խաղաղութեան ստրուկներ, առ յաւէտ''։

Եզրափակիչ պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն ու բոլոր հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ Նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին այս ճամբորդութիւնը։  ''Այս օրերը եղան խիտ ու գեղեցիկ օրեր, որոնց ընթացքին կարողացայ հանդիպիլ բազմաթիւ անձերու հետ ու ճանչնալ բազմաթիւ իրականութիւններ որոնք սիրտս ճմլեցին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութիւն եզրափակող սուրբ պատարագի աւարտին արտասանած խօսքին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.