2017-09-11 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի Քոլոմպիացի եղբայրներ շնորհակալ եմ։ Ծանօթացայ բազմաթիւ անձերու որոնք սիրտս ճմլեցին։ Ինծի շատ բարիք ըրիք''։ Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակած այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Քոլոմպիայէն ու վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմի, աւարտելով Քահանայապետութեան 20-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որուն բնաբանն էր ''առաջին քայլը կատարենք'' եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Քոլոմպիայի չորս քաղաքներ` Պոկոթա, Վիլլավիչէնսիօ, Մետելլին ու Քարթակենան, այնտեղ ունենալով հանդիպումներ ու գլխաւորելով արարողութիւններ որոնց ընթացքին արտասանած ճառերուն առանցքը կազմեցին, ազգային հաշտութիւնը, յոյս, խաղաղութեան փնտռտուքը, ներումը, երկխօսութիւնը, բռնութեան դատապարտութիւնը ու եղբայրսիրութիւնը։

''Շարունակենք քալել, միասին։ Չենք կրնար կանգ առնել'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելէ առաջ Քոլոմպիայէն եզրափակելով որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի ուխտաւոր կատարած իր այս առաքելական ճամբորդութիւնը։  

Քոլոմպիայէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին, աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկսոս Պապ,  հեռագիրեր յղեց այն երկիրներու նախագահներուն որոնց օդային տարածքի վրայէն սաւառնեցաւ օդանաւը` Քոլոմպիա,Միացեալ Նահանգներ, Փորթուկալ, Սպանիա, Ֆրանսա, եւ Ւտալիա։ Քոլորմպիայի նախագահին յղած հեռագիրն մէջ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն  յայտնեց   Աստուծոյ  Քոլոմպիայի մէջ ընդունած  շնորհքներուն համար ապա  իր   երախագագիտութիւնը յայտնեց  Քոլոմպիաի մէջ  գտած  ջերմ ընդունելութեան համար։

Ւսկ Ւտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝  Տիար Սերճիօ Մաթթարելլային յղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց. 

«Քոլոմպիա կատարած  առաքեալական ճամբորդութենէն վերադարձին, ուր կրցայ հանդիպիլ անթիւ հաւատացեալներու եւ այդ սիրելի ազգի ներկայացուցիչներուն հետ, հիանալալով անոնց  հաւատքին,  հոգեւոր եւ ընկերային աճումի փափաքին վրայ, Պարոն նախագահ կը ներկայացնեմ ձեզի  իմ յարգալիր ողջոյնս եւ կ՝ապահովեմ իմ աղօթքս Ւտալիոյ ժողովուրդին, բարորութեան եւ խաղաղութեան համար։     








All the contents on this site are copyrighted ©.