2017-09-11 09:00:00

Հայ Եկեղեցին եւս կը մասնակցի ''Խաղաղութեան ուղիներ'' խորագիրով միջազգային հանդիպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ Օսնապրուք քաղաքին մէջ` 10-12 սեպտեմբեր 2017-ին,  տեղի կ՛ունենայ ''Խաղաղութեան ուղիներ'' խորագիրով միջազգային հանդիպումի տարեկան ձեռնարկը զոր կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ ''Ասսիզիի Հոգիով''` որ է կրօններու ու մշակութայի աշխարհի միջեւ երկխօսութեան շարժում մը,  որ ծնունդ առած է 1986-ի հոկտեմբերին` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կամքով` Ասսիզիի Սրբավայրին մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան աղօթքի միջ-կրօնական հաւաքէն ետք։  

''Խաղաղութեան ճանապարհներ'' ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներու, կրօններու ու մշակոյթներու պատկան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նաեւ  երեք հայ եկեղեցական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ յանձինս` Արհ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միարիաթեանի` Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ, Արհ Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանի` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Պրիտանիոյ  առաջնորդ, ապա վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի` Սուրիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահը։ 

''Խաղաղութեան ճանապարհներ'' ձեռնարկին ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ վերոնշեալ հայ երեք եկեղեցական ներկայացուցիչներու ելոյթները. Արհ. Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան պիտի խօսքի ''Պատերազմը միշտ անիմաստ ջարդ մըն է ''կլոր սեղանի ծիրէն ներս, մինչ  Մանուկեան Սրբազանը պիտի անդրադառնայ ''Նահատակութիւնը. Քրիստոնեաներուն համար յիշատակ  եւ իրականութիւն'' նիւթին մասին, իսկ Վերապատուելի Սելիմեան ելոյթ պիտի ունենայ ''բարեկամութիւնը աւերներէն անդին, կրօնները խաղաղութեան ճանապարհի վրայ'' նիւթին։

Նշենք թէ վերոնշեալ ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 10 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց Գերմանիայի վարչապետ Անկելա Մերքել ու Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ` Տիար Անթոնիօ Թայանի ինչպէս նաեւ Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ Իմամ` Ահմատ Մուհամմատ Ալ Թայեպ եւ այլ եկեղեցական ու Վատիկանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Բացման արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին այս առթիւ յղած կարեւոր մէկ պատգամը։

''Խաղաղութեան ճանապարհներ'' ձեռնարկը կ՛եզրափակուի երեքշաբթի 12 սեպտեմբերի յետմիջօրէի  5-ին Խաղաղութեան աղօթքով որուն կը յաջորդէ խաղաղութեան քայլարշաւը, հուսկ 2017-ի ''խաղաղութեան կոչի'' ստորագրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.