2017-09-10 16:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Խաղաղութեան ճանապարհներ'' ձեռնարկի մասնակցողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ Օսնապրուք քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Խաղաղութեան ուղիներ'' խորագիրով միջազգային հանդիպումի տարեկան ձեռնարկը, որ կազմակերպուած  է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ ''Ասսիզիի Հոգիով''` որ է կրօններու ու մշակութային աշխարհի միջեւ երկխօսութեան շարժում մը  որ ծնունդ առած է 1986-ի հոկտեմբերին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կամքով` Ասսիզիի Սրբավայրին մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան աղօթքի միջ-կրօնական հաւաքէն ետք։  

Օսնապրուք քաղաքը այն վայրն է ուր 1648-ին ստորագրուեցաւ խաղաղութեան պայմանագիրը որ  վերջ դրաւ այդպէս կոչուած ''երեսուն տարուայ պատերազմին'' ու Եւրոպայի մէջ սահմանեց կրօնական փոքրամասնութիւններու ազատութիւնն ու յարգանքը։

''Խաղաղութեան ճանապարհներ'' ձեռնարկի բացման արարողութեան առթիւ  Ֆրանչիսկոս Սրաբզան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ մը յղեց ձեռնարկի մասնակցողներուն, որոնց շարքին է նաեւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան,  որուն մէջ նշեց թէ  ''խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհը որ սկիզբ առած էր Սուրբ Յովհաննէս Պողօս Բ օրով 1986ին, այժմէական ու անհրաժեշտ է, որովհետեւ հակամարտութիւններ, տարածուած բռնութիւն, ահաբեկչութիւն ու պատերազմ, այսօր եւս կը սպառնան միլիոնաւոր մարդոց­, եւ ոտնակոխ կ՛ընեն մարդկային կեանքի սրբութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա հաւաքի բնաբանին որ հրաւէր մըն է` գրեց Ան, բանալու ու կառուցելու խաղաղութեան նոր ուղիներ, որոնց պահանջը կայ տարբեր վայրերու մէջ, ուր տակաւին շատեր են անոնք որոնք ծարաւն ունին խաղաղութեան։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու կողքին կրօնները եւս կանչուած են, յատկապէս աղօթքի ու շօշափելի յանձնառումի միջոցաւ, բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին, որոնելու եւ բանալու խաղաղութեան ուղիներ։

''Մեր խաղաղութեան ճանապարհը, ի դէմ խելամտութեան անոնց որոնք Աստուծոյ անունը կը պղծեն  ատելութիւն սերմանելով, ի դէմ պատերազմի  չար ոգիին, ահաբեկչութեան յիմարութեան ու զէնքերու խաբուսիկ ուժին, չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ` խաղաղութեան ճանապարհ մը, որ կը համախմբէ կրօնական բազմաթիւ աւանդութիւններ, որոնց համար կարեկցութիւնն ու բռնութեան մերժումը հիմնական են'' գրեց ի մէջ այլոց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ­, մէջբերում կատարելով  2017-ի Խաղաղութեան Միջազգային օրուան պատգամէն ու դիտել տալով թէ ''խաղաղութեան դարպասներ բանալու համար հարկաւոր են քաջութիւն ու  յարատեւութիւն, եւ ամէնէ առաջ` հարկաւոր է աղօթք, որովհետեւ աղօթքը խաղաղութեան արմատն է'' գրեց Ան ընդգծելով կրօնապետերու  յատուկ պատասխանատուութիւնը, յատկապէս պատմական այս պահուն, ըլլալու եւ ապրելու որպէս խաղաղութեան մարդիկ, վկայելով եւ յիշեցնելով թէ ''Աստուած կ ՛ատէ պատերազմը, թէ պատերազմը երբեք սուրբ չէ, թէ բռնութիւնը չի կրնար կիրարկուիլ կամ արդարացում ունենալ  Աստուծոյ անունով''։

''Մենք կանչուած ենք նաեւ արթնցնելու խիղճերը ու տարածելու յոյս, թիկունք կանգնելով խաղաղութեան գործիչներուն։ Միակ բանը որ չենք կարող ու պէտք չէ ընենք, գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ, անտարբեր մնալն է, այնպէս որ ատելութեան ողբերգութիւնը մոռացութեան ենթարկուի ու համակերպինք այն գաղափարին թէ` մարդ արարածը ''մնացորդ'' մըն է ու անոր կը գերադասեն եւ իշխանութիւնն ու շահերը։  

Կրօնները չեն կրնար ուրիշ բան պահանջել եթէ ոչ խաղաղութիւնը, հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով հաւաքի մասնակցողները, որոնք հակառակ տարբերութիւններու իրարու շուրջ ու միասին համախմբուած են, որպէս շօշափելի նշան խաղաղութեան ուղեւորութեան, ապա մատնանշեց հաւաքի վայրին որ կը գտնուի Եւրոպայի սրտին մէջ, ''ցամաքամասը որ այս տարի կը նշէ Եւրոպական Միութեան 60 ամեակը'', ըսաւ Ան հաստատելով  թէ ''Խաղաղութիւնը Եւրոպայի կառուցման սիրտն է, երկու համաշխարհային պատերազմներու գործած աւերներէ ու ''ՇՈԱ''ի ողբերգութենէն ետք''։  

''Ձեր ներկայութիւնը Գերմանիա նշան ու կոչ է Եւրոպային` մշակելու համար խաղաղութիւնը, յանձնառու ըլլալով կառուցել` ներքին միութեան աւելի զօրեղ ճանապարհներ  եւ ունենալ միշտ աւելի մեծ բացուածք դէպի արտաքինը, առանց մոռնալու թէ խաղաղութիւնը միայն մարդու յանձնառումին արդիւնքը չէ այլ է նաեւ բացուածք Աստուծոյ'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին որ ապա եզրափակեց հրաւէր ուղղելով ''շարունակել միասնաբար բանալ խաղաղութեան ճանապարհներ'' ու մաղթելով որ ''խաղաղութեան լապտերներ վարուին այնտեղ ուր կայ ատելութեան խաւարը'', ապա  մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետին խօսքերը ''Բոլորին կամքը ըլլայ բաժանող խոչընդոտները գերազանցել ու զարգացնել փոխադրած սիրոյ կապեր, հասկնալ մէկը միւսը ու ներել անոնց որոնք մեզ վիրաւորեցին....թող որ երկրի բոլոր ազգերը եղբայրանան ու անոնց մէջ ծաղկի եւ մշտապէս իշխէ այդքան ցանկացուած խաղաղութիւնը''։  

Տուեալ ի Վատիկան 28 օգոստոս 2017։








All the contents on this site are copyrighted ©.