2017-09-10 00:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 9 սեպտեմբերի թուիթները:


(Ռատիօ Վատիկան) "Այսօր բազմաթիւ են անոնք որոնք ծարաւն ունին Աստուծոյ, ծարաւը արժանապատուութեան։ Որպէս քրիստոնեաներ պէտք է անոնց օգնենք` յագեցնելու համար անոնց Աստուծոյ ծարաւը''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 9 սեպտեմբերին հրապարակած թուիթներէն առաջինը որ քաղուած էր Մետելլին քաղաքին մէջ արտասանած մէկ պատգամէն։ Իսկ աւելի ուշ հրապարակուած մէկ այլ թութի մը մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց ''Մեր վարակիչ ուրախութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ սիրոյ ու մօտիկութեան  մեր առաջին վկայութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.