2017-09-10 11:45:00

Կիրակի 10 Սեպտեմբեր 2017 4¬րդ Կիրակի Վերափոխման


(Մարկոս 7, 31-37)  Եփփաթա ­ Թող բացուի

Յիսուս զգայացունց հրաշք մը կը գործէ խուլի մը ականջները բանալով։

Ընդհանրապէս մեր աղօթքներուն մէջ կը խնդրենք որ Աստուած բանայ իր ականջները, լսելու համար մեր խնդրանքները։ Խոնարհեցո Տէր զունկն քո եւ լուր ինձ, այսինքն մօտեցուր Տէր ականջդ եւ մտիկ ըրէ ինծի. Ունկն դիր Տէր աղօթից իմոց, այսինքն լսէ Տէր իմ աղօթքներս. Լուր ձայնից իմոց, Լսէ Տէր իմ ձայնս…։ Իսկ թէ Աստուած կը լսէ մեր ձայները եւ կը կատարէ մեր խնդրանքները, այդ ուրիշ հարց մըն է։ Յաճախ այն տպաւորութիւնն ունինք որ մեր խնդրածները ապարդիւն կը մնան, Աստուած խուլ կը ձեւանայ եւ մտիկ չ՜ըներ մեզի։

Սակայն Ի՞նչ կը խնդրենք ընդհանրապէս. Առողջութիւն ամէնէն առաջ, ապա գործերու յաջողութիւն, եւ զանազան ուրիշ բարիքներ, մեր անձին եւ մեր սիրելիներուն համար։ Հապա եթէ խնդրենք թողութիւն մեր յանցանքներուն, անշուշտ Աստուած անմիջապէս կը գոհացնէ մեզ, պայմանաւ որ մենք ալ ներենք մեզի դէմ յանցանք գործողներուն։

Բայց երբեք խնդրա՞ծ ենք որ բանայ մեր ականջները որպէսզի լսենք իր պատուիրանները, մտիկ ընենք իր խօսքին, որ կը հնչէ մեր սրտին մէջ. Աստուած պատրաստ է այսօր կատարելու այս մեր խնդրանքը, սակայն մենք փակած ենք մեր սրտի ականջները. Եփփաթա, թող բացուին անոնք որպէսզի Տէրը կարենայ հոն սերմանել իր մարգարիտները, որոնք մեզի ցոյց պիտի տան իր կամքը եւ որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի յաւիտենական երջանկութիւնը։

Եփփաթա, թող բացուի մեր սիրտը, որպէսզի առատաձեռն ըլլանք մեր մերձաւորին հանդէպ եւ օգնենք կարիքաւոր անձերուն, նպաստենք անոնց որ զուրկ են ամէն ինչէ, որպէսզի երկրի բարիքները բաշխուին ամենուրեք առանց որեւէ զանցառումի կամ կողմնակցութեան։

Եփփաթա, թող բացուին մեր աչքերը, որպէսզի տեսնենք եկեղեցիի ճամբան, մանաւանդ կիրակի օրերը, որովհետեւ քրիստոնեաները երթալով մոռցած են եկեղեցւոյ ճամբան եւ կիրակի օրերը կը յատկացնեն իրենց սեփական հաճոյքներուն, առանց մտածելու թէ այն օրը սուրբ է եւ Աստուած կը սպասէ մեզի իր խորանին ոտքը։

Անշուշտ թէ Աստուած մտիկ չ՜ըներ մեր հայցուածներուն եթէ մենք զինք վերցուցեր ենք մեր կեանքին մէջէն եւ չենք մտածեր իրեն մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Բանանք մեր ականջները ոչ թէ աշխարհի ձայներուն եւ հրապոյրներուն, այլ ընդհակառակը` Աստուծոյ հրաւէրներուն եւ անոր խօսքերուն, զոր մեզի կ՛ընծայէ Սուրբ Գրքին մէջ։

Ընդհակառակը, գոցենք զանոնք բոլոր աշխարհային ցանկութիւններուն առջեւ, որոնք մեզ կը տանին անդարմանելի կորուստի. Գիտնանք զտիչ մը դնել որպէսզի չանցնին մեր ականջներէն այնպիսի խօսքեր որոնք դառնապէս պիտի վիրաւորէին մեր սիրտն ու միտքը, տհաճոյ եւ անարգական խօսքեր, որոնք ցաւ պիտի պատճառէին մեզի եւ մեր շուրջիններուն։

Եփփաթա, թող բացուի մեր հոգին աստուածային բոլոր շնորհքներուն առջեւ, որպէսզի անոնցմով զարդարենք մեր անձը, պատրաստելու համար մեզ յաւիտենական երջանիկ կեանքին։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.