2017-09-09 22:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Մետելլինի ''Հոկար Սան Խօսէ'' մանկական կեդրոնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 սեպտեմբերին Քոլոմպիայի Մետելլին քաղաքին կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ յետմիջօրէի 3-ին (Հռոմի ժամով 22-ին) այցելութիւն տուաւ Մետելլինի ''Ընտանեկան Տուն -Հոկար Սան Խօսէ'' կեդրոնին ուր ապաստան գտած են հարիւրաւոր որբ եւ թշուառ մանուկներ։

Այցելութեան առթիւ մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց փոխանցեց իր սրտի խօսքը որուն մէջ ուրախութիւն յայտնեց այդ վայրին մէջ գտնուելուն համար ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ընդունելութեան համար։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ փոքրիկն Քլաուտիա Եսենիային որ Նորին Սրբութեան արտասանած խօսքէն առաջ ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով իր կեանքի վկայութիւնը։

Ունկնդրելով դժուարութիւնները որոնց մէջէն անցար կը մտաբերէի աշխարհի մէջ բազմաթիւ մանուկներու անարդար տառապանքը, որոնք անմեղ թիրախն են մի քանիներու չարութեան - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ թէ ''Յիսուս Մանուկը եւս եղաւ ատելութեան ու հալածանքի թիրախ։ Ան եւս ստիպուած եղաւ փախչիլ իր ընտանիքին հետ։ Տառապող մանուկները տեսնել ցաւ կը պատճառէ սրտին, որովհետեւ մանուկները Յիսուսին ընտրեալներն են''։

''Չենք կրնար հանդուրժել որ անոնք չարաշահուին ու զրկուին իրենց մանկութիւնը անդորրութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրելու իրաւունքէն, ու անոնց ժխտուի յոյսի ապագան''  հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը վստահեցնելով թէ  ''Յիսուս ոչ մէկ տառապող անձ երեսի վրայ կը թողու, առ աւելիով մանուկները, որոնք իրեն ընտրեալներն են'' – ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Հոկար Սան Խօսէ  կեդրոնին, զայն որակելով'' Յիսուսի սիրոյ նշանը''­, ուր այդ մանուկները գտան սէր­, գուրգուրանք, կրթութիւն, դաստիարակութեան կարելիութիւն։

Ուրախ եմ  նաեւ որ այս կեդրոնը կը կրէ Սուրբ Յովսէփի անունը, որովհետեւ դուք լաւ ձեռքերու մէջ էք։ Սուրբ Յովսէփը որ պահապանը եղաւ Սուրբ Ընտանիքին կը պահպանէ նաեւ ձեզ ու ձեզի կ՛ընկերանայ'' յարեց  ի մէջ այլոց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով կեդրոնի անձնակազմին յորդորեց  ի միտ ունենալ  քրիստոնէական կեանքի երկու կարեւոր իրողութիւններ. Սէր` որ Յիսուսը ներկայ կը տեսնէ մանուկներու եւ տկարներու մէջ ապա սուրբ պարտականութիւնը` մանուկները տանելու Յիսուսին։

''Ձեզ կը յանձնեմ Սուրբ Յովսէփի հովանիին։ Անոր օրինակէն սորվեցէք սիրով խնամել եւ օգնել այս փոքրիկները, որոնք Քոլոմպիայի ընկերութեան, աշխարհին ու Եկեղեցւոյ ապագան են'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խօսքին աւարտին հայցելով որ ''Յիսուս, Մարիամ ու Սուրբ Յովսէփը, ընկերանան ու պաշտպանեն զանոնք ու անոնց  վրայ զեղու` քնքշութիւն, ուրախութիւն եւ զօրութիւն''։

Ձեզի համար պիտի աղօթեմ որպէսզի այս ընտանեկան սիրոյ վայրին մէջ աճիք սիրով, խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ ու կարողանաք բուժել մարմնի ու սրտի վէրքերը - ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վստահեցնելով թէ ''Քահանայապետը ձեզ կը կրէ իր սրտին մէջ'' ապա խնդրեց ''Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.