2017-09-09 20:00:00

Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Վելազիօ Տէ Փաոլիս։ Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 սեպտեմբեր 2017-ին 81 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Վելազիօ Տէ Փաոլիսը, Սուրբ Աթոռի Տնտեսական գործերու կուսակալութեան երբեմնի նախագահը։ 

Կարդինալ Տէ Փաոլիս ծնած էր Իտալիոյ Սոննինօ քաղաքին մէջ` 19 սեպտեմբեր 1925-ին, ու փոքր հասակին մուտք գործած էր Սքալապրինեան ուխտի նորընծայարան։

Քահանայ ձեռնադրուած էր 18 մարտ 1961-ին։  Աստուածաբանական եւ Եկեղեցա-իրաւաբանական ուսումները աւարտելէ ետք կը նուիրուի դաստիարակութեան ասպարէզին։

2003-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կը նշանակէ առաքելական ատեանի քարտուղար, անոր շնորհելով եպիսկոպոսական տիտղոս։ 21 փետրուար 2004-ին երբեմնի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի ձեռքով կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը։

2008-ի ապրիլ 12-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Սուրբ Աթոռի Տնտեսական գործերու կուսակալութեան նախագահ անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։ Պաշտօն մը զոր կը վառէ մինչեւ 2011 թուական։

Կարդինալ Վելազիօ Տէ Փաոլիս կարդինալական տիտղոսին արժանացած է Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով 20 նոյեմբեր 2010-ին։

Անոր մահով կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 200-ի` որոնցմէ 120-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը 
Ի լուր Կարդինալ Տէ Փաոլիսի մահուան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ այս օրերուն կը գտնուի Քոլոմպիա անոր եղբօր յղեց ցաւակցական նամակ մը որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց անոր, ծիրանաւորի քոյրիկն ու բոլոր ազգականներուն ինչպէս նաեւ յայտնեց իր կսկիծը ու մասնակցութիւնը կարդինալ Տէ Փաուլիսի կորուստը սգացողներու ցաւին։ 
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Կարդինալ Տէ Փաոլիսի վաստակը ու անոր ծառայական գործունէութիւնը Սուրբ Աթոռի ու Եկեղեցւոյ ի սպաս, ամէն տեղ վկայութիւն տալով Աւետարանին։ 
Հեռագիրի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որպէսզի իր այդ հաւատարիմ ծառային շնորհէ խոստացուած  պարգեւը  ապա առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան ննջեցեալ ծիրանաւորին մահը ու յատկապէս անոնց որոնք այս վերջին տարիներուն սիրալիր կերով խնամք տարին Անոր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.