2017-09-09 09:11:00

Գարեգին Բ. Քիրիլ Ա եւ իսլամ ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ հանդիպում։


8 սեպտեմբերին Մոսկուայի Ս. Դանիէլ պատրիարքանիստ վանքին մէջ մէջ տեղի ունեցած շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշա Զատէն հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշուած էր. «Այսօր մենք` ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու  հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ Քիրիլ պատրիարքի հրաւէրով` քննարկելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղիները, առանց որոնց կարելի չէ հասնիլ Կովկասի մէջ  հաշտութեան եւ անվտանգութեան:

Մենք յատուկ նշանակութիւն կ՛ընծայենք խաղաղարարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացման, բանակցութիւններու  շարունակութեան եւ միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերուն, որոնք կ՛օգնեն հասնելու տագնապի համապարփակ լուծման:

Համոզուած ենք, որ տարակարծութիւնները կարելի է յաղթահարել` յենելով բարի դրացնութեան սկզբունքներու եւ աւանդական կրօններու  կողմէ քարոզուող բարոյական արժէքներու` բարութեան, մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ, փոխադարձ ներողամտութեան եւ բարեգթութեան վրայ:

Հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդները միշտ պիտի ապրին կողք-կողքի, այդ պատճառով չկայ այլընտրանք, քան խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ մենք` մեր ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, պարտաւոր ենք փնտռելու  միացեալ պատասխաններ:

Կ՛աղօթենք խաղաղութեան պահպանման եւ տագնապին հետ առնչուած բոլոր մարդասիրական հարցերու շուտափոյթ լուծման համար եւ առ այդ կը յորդորենք մեր ժողովուրդներու քաղաքական եւ հասարակական գործիչները:

Կոչ կ՛ուղղենք համապատասխան անձերուն` նպաստելու բոլոր այն խաղաղ բնակիչներու ազատ արձակման, որոնք չեն մասնակցած  զինուորական գործողութիւններուն եւ յայտնուած են գերութեան մէջ:

Իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ` մենք կոչուած ենք պաշտպանելու եկեղեցիները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրեր: Հետեւաբար խիստ կարեւոր է ապահովել կրօնական նշանակութեան յուշարձաններու  անձեռնմխելիութիւնն ու յարգալից վերաբերմունքը անոնց նկատմամբ:

Մենք` իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ, մեր կողմէ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք պաշտպանելու ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծման ուղղուած խաղաղարարական նախաձեռնութիւնները: Մենք մեծ յոյսեր ունինք բանակցային հոլովոյթին առնչութեամբ:

Մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն կ՛ուղղենք խաղաղութեան, բարօրութեան եւ բարի ձեռնարկումներու մէջ յաջողութիւններու  բարեմաղթանքներ»:

Նշենք, թէ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եռակողմանի հանդիպումին արտասանած է խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձած է երկու ժողովուրդներու խաղաղութեան հաստատման սպասումներուն, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին, Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ կոչերուն եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին` հաստատելով, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծումը այլընտրանք չունի:

Վեհափառ հայրապետը ըսած է նաեւ. «Այսօր հրամայական է, որ կամք եւ յանձնառութիւն դրսեւորուի` ղարաբաղեան տագնապի լուծումը փնտռելու միմիայն բանակցային հարթութեան մէջ եւ կասեցնելու զինադադարի խախտման դրսեւորումները, սահմաններէն հեռացնելու արձակազէնները, դադրեցնելու անդադար գնդակոծումները եւ այլեւս պատճառ չդառնալու զինադադարի պայմաններու մէջ ընտանիքներու  դժբախտացման` անվտանգ պահելով մեր զինուորագրուած զաւակներու  կեանքը: Իւրաքանչիւր փամփուշտ, որ կ՛արձակուի Աստուծոյ արարածի դէմ, նաեւ Աստուծոյ դէմ է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.