2017-09-08 09:01:00

Սրբապղծուած է Միջին Արեւելքի հայկական մեծագոյն եկեղեցին:


ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Արմինիըն Ուիքլի» թերթը հրապարակած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը պարզող լուսանկարներ՝ նշելով, որ այս լուսանկարները գաղտնաբար առնուած են անցեալ Յուլիսին:

Երկար տարիներ աւերակ մնալէ ետք, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ թաղական խորհուրդին, նախկին տիգրանակերտցիներու եւ քաղաքապետարանին ջանքերով վերանորոգուած էր եւ 2011ի Հոկտեմբերին վերաբացուած էր, մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով համայն հայութեան եւ տեղւոյն բնակիչներուն: Եկեղեցւոյ վերաբացումով պատահած էր շահեկան անակնկալ մը. բազմաթիւ ծպտեալ հայեր սկսած էին հրապարակ իջնելու եւ համախմբուելու եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ: Հայ հոգեւոր գրականութեան մէջ յաճախ կը շեշտուի «եկեղեցին ժողովո՛ւրդ է» հաստատումը: Այս շրջագիծին մէջ, Սուրբ Կիրակոսի այդ նոր օծումը եւ վերաբացումը հրաշքի համազօր ապացոյց մը եղաւ սոյն հաստատման համար:

Ափսո՜ս, սակայն, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով, եկեղեցւոյ տարածքը անհասանելի եղաւ բոլորին համար:

Նախապէս, թրքական մամուլին մէջ յայտնուած էին կարգ մը լուսանկարներ, ուր կը տեսնուէին յատուկ ծառայութեան ոստիկաններ՝ եկեղեցւոյ մէջ: «Արմինիըն Ուիքլի»ի հրապարակած լուսանկարներով եւս յայտնի կը դառնայ, որ պատահած վնասը շատ մեծ չէ՝ բաղդատմամբ նոյն տարածքին մէջ գտնուող այլ սրբավայրերու:

Ուրեմն, կարելի է մխիթարուիլ այն բանով, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին առայժմ նուազագոյն վնասով դուրս եկած է այս բարբարոսական կործանումէն: Իսկ եկեղեցւոյ հօտը յոյսով կը սպասէ ներկայ պայմաններու բարելաւման եւ եկեղեցւոյ վերստին պաշտամունքի համար բացուելուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.