Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու զինուորներ զոհուած են, երբ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Համայի գիւղական Մսիաֆ շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրք մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան ժամը 2:42-ին լիբանանեան օդային տարածքէն հրթիռներ արձակելով հարուածած է Մսիաֆի մօտ գտնուող զինուորական դիրքեր: Օդային հարուածին պատճառով երկու զինուորներ զոհուած են եւ նիւթական վնասներ արձանագրուած:
Սուրիական բանակը զգուշացուց «այսպիսի նախայարձակ արարքներու շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ ունեցած վտանգաւոր հետեւանքներէն»` վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ սուրիական բոլոր տարածքներէն արմատախիլ ընել ահաբեկիչները, «որքան ալ շատ ու տարատեսակ ըլլան այդ աւազակախումբերուն տրամադրուած աջակցութիւնը»:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին կայանը հաղորդած էր, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է սուրիական Մսիաֆ շրջանին մէջ գտնուող հեռահար հրթիռներու արտադրութեան գործարան մը:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին յայտարարեց, որ Մսիաֆի մէջ օդային հարուածի ենթարկուած է ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ գիտական ուսումնասիրութեանց ու հետազօտութեան կեդրոնը, որ նկատուած է իբրեւ Ոչ աւանդական զէնքերու սուրիական մարմինին պատկանող կառոյց:
All the contents on this site are copyrighted ©. |