2017-09-07 17:10:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Քաֆֆառա. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը:


(Ռատիօ Վատիկան) 79 տարեկանի իր հոգին աւանդեց առ Հայր Պոլոնիայի Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Քարլօ Քաֆֆառա։ Ան ծնած էր 1938-ին Յունիս մէկին Փարմայի նահանգի մաս կազմող Սամպոզէթօ Տի Պուսսեթօ քաղաքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 1961-ի Յուլիս 2-ին եւ իր թեմէն ներս պաշտօնավարած է որպէս փոխ ժողովրդապետ ու Փարմայի նորընծայարանին մէջ որպէս Բարոյական Աստուածաբանութեան ուսուցիչ։ Ապա դարձած է Միլանի Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ համալսարանի դասատու։ 

1974-ին Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կ՛անուանէ անդամ` Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբին։ 1981-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը անոր կու տայ պարտականութիւնը հիմնելու ու նախագահելու ''Ընտանիքի եւ Ամուսնութեան Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետական կաճառը''։ 
8 Սեպտեմբեր 1995-ին կը նշանակուի Ֆերրարա-Քոմաքիօ թեմին Արքեպիսկոպոս ու նոյն տարուայ 21 հոկտեմբերին կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը։ 16 Դեկտեմբեր 2003-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը զայն կ՛անուանէ Պոլոնիայի թեմին Արքեպիսկոպոս եւ 24 Մարտ 2006-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի ձեռքով կ՛ընդունի կարդինալական տիտղոսը։ 
Կարդինալ Քաֆֆառայի մահով կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 221-ի որոնցմէ 120 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ մինչ 101 առանց իրաւունքի։ 

Ի լուր Կարդինալ Քաֆֆառայի մահուան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփիին ու հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն ապա յիշատակեց ննջեցեալ ծիրանաւորին հովուական անձնուէր ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ հաւացեալներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որպէսզի` Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ  իր այս խոնարհ ծառան ընդունի իր Արքայութեան մէջ։ Հեռագիրի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  իր առաքելական օրհնութիւնները խնորհեց բոլոր անոնց որոնք ճանչցան եւ գնահատեցին Կարդինալ Քաֆֆառան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.