2017-09-07 08:40:00

Ե.Մ. կը պատրաստէ անհրաժեշտ ամէն բան Հայաստան – Ե.Մ. նոր համաձայնագիրը ստորագրելու համար:


Պատասխանատու անձեր ջանասիրաբար կ՛աշխատին, որ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան նոր համաձայնագիրի ստորագրումը  իրականութիւն դառնայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Հայաստանի մէջ Erasmus+Youth  տեղեկատուական կեդրոնի բացման նուիրուած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոթր Սվիթալսքի:

«Ես նոր վերադարձած եմ Պրիւքսէլէն Երեւան, եւ պէտք է ըսեմ, որ իմ բոլոր զրոյցներս այն մարդոց հետ, որոնք հանդիպած են այդտեղ, որոնք պատասխանատու են համաձայնագիրը ստորագրելու համար անհրաժեշտ հարցերը նախապատրաստելու, կը վստահեցնեն, որ ամէն ինչ բնականոն ընթացքի մէջ է: Եւրոպական Միութեան կողմէ, մենք անհրաժեշտ ամէն բան կը  պատրաստենք նոր համաձայնագիրը նոյեմբերին ստորագրելու համար»,  ըսաւ Փեոթր Սվիթալսքի:








All the contents on this site are copyrighted ©.