2017-09-07 08:35:00

Արամ Ա. Ժընեւի մէջ հանդիպումը Միջին Արեւելեան հարցերու պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի հետ


Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վ. Պրուլհարթի հետ: Վերջինս Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատուն էր, իսկ այժմ ան Զուիցերիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարն է եւ Միջին Արեւելքի հարցերու կարգին Սուրիոյ առնչուած հարցերու գծով կը գործակցի ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տը Միսթուրայի հետ: Յայտնենք նաեւ, որ Պրուլհարթ միաժամանակ զուիցերիական կառավարութեան կողմէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ընկերային ու մարդասիրական օգնութեան պատասխանատուն է :

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էին Տը Միսթուրայի օգնական Ա. Լահհամ, Արմենոֆասի նախագահ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կեդրոնանալով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին վրայ` վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հայ համայնքին ու մանաւանդ վերականգնումի աշխատանքներուն: Պրուլհարթ իր կարգին Միջին Արեւելքի հարցերուն գծով իր վերլուծումները կատարեց` մեկնելով շարք մը տուեալներէ, եւ իր պատկերացումը ներկայացուց յատկապէս Սուրիոյ բանակցութիւններուն ու ապագայի հեռանկարներուն գծով: Ան նաեւ մօտէն հետաքրքրուելով սուրիահայ համայնքին վերականգնումի աշխատանքներով, առաջարկեց վեհափառ հայրապետին, որ այս ուղղութեամբ ուսումնասիրուած ծրագիրներ ներկայացուին իրեն:

Յայտնենք, որ այսօր` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ին, վեհափառ հայրապետը հանդիպում պիտի ունենայ սուրիական տագնապին հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Տը Միսթուրայի հետ: Վեհափառ հայրապետը այս օրերուն Ժընեւ կը գտնուի հանդիպումներ ունենալու Սիսի կաթողիկոսարանի դատի փաստաբաններուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.