2017-09-07 08:48:00

Ամերիկեան 15 Նահանգներ դատ կը բանան Թրամփի դէմ


Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան 15 նահանգներ, ներառեալ Ուաշինկթընը դատական հայց յարուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ երիտասարդ գաղթականներու պաշտպանութեան օրէնքը ջնջելուն համար:

Թրամփ երեքշաբթի օր ջնջեց նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով հաստատուած օրէնքը, որ կ’արգիլէ ապօրինի գաղթականներու արտաքսումը, եթէ անոնք մանուկներ ունին:

Թրամփ իր որոշումին գործադրութիւնը յետաձգեց մինչեւ մարտ` նշեալ որոշումէն ազդուելիք 800 հազար անձերու ճակատագիրը ճշդելու համար Քոնկրեսին վեց ամսուան ժամանակ տալու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.