2017-09-05 12:51:00

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը պիտի տարբերի նախորդներէն:


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերին կա-յացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ  Սեպտեմբեր 18էն 20, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, անդրադառնալով համագումարին ընթացքին Համահայկական խորհուրդի կազմութեան օրակարգին՝ յայտնեց. «Մենք չենք կրնար այնպիսի մարմին ստեղծել, որ կրնայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի համար պարտադիր ըլլալ: Նման բան բացառուած է: Մեծ Սփիւռք ունեցող երկիրներ սովորաբար տարբեր ձեւաչափերով նման կառոյցներ յառաջացուցած են. որոշ պարագաներու քոնկրես կը կոչուին, այլ երկիրներու պարագային՝ նախագահին առընթեր խորհուրդ: Ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը: Դժբախտաբար, ճակատագիրը մեզ սփռած է ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ այս կարողականութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւն կայ»:

[0906hamahaigagan]  Ինչ կը վերաբերի խորհուրդի աշխատանքին եւ անդամներուն, այս հարցերը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր քննարկուած են՝ գրեթէ 20 տարի, յայտնեց նախարարը:

«Այսօր մօտեցումը հետեւեալն է՝ Համահայկական խորհուրդը պէտք է կազմաւորուի յաջորդ տարուան Մայիսին», եզրափակեց Հրանոյշ Յակոբեան:

«Համաժողովը նախատեսուած է իրականացնել Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800ամեակի նախաշեմին», ըստ «Երկիր»ի՝ ըսած է նախարարը:

Նախարարը յայտնած է, որ այս պահուն 70 երկիրներէ 1400 սփիւռքահայեր հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը համաժողովի աշխատանքերուն: Յակոբեան նշած է, որ շուրջ 20 երկիրներ, որոնց կարգին Մեանմար, Սինկափուր, Եթովպիա, Մարոք եւ Թայլանտ առաջին անգամ պիտի մասնակցին:

Ըստ նախարարին՝ համաժողովի մասնակիցներուն 70 տոկոսը տղամարդ է, 30 տոկոսը՝ կին: «Հրաւիրուած են 600 անձեր՝ համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ, հոգեւորներ, կրթամշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անհատներ», ըսած է ան, ապա աւելցուցած, որ Սփիւռքէն  92 լրագրողներ եւ խմբագիրներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ տեղի պիտի ունենան երեք լիագումար նիստեր: «Առաջին լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. հայրապետը եւ սփիւռքի նախարարը: Երկրորդ լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, իսկ երրորդին՝ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյան», յայտնած է ան:

Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ համաժողովի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ շարք մը մշակութային ձեռնարկներ:

Ըստ նախարարին՝ 6րդ համաժողովը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն նաեւ անով, որ, բացի երեք լիագումար նիստերէն, 4 ուղղութիւններով նախատեսուած են 16 թեմատիկ նիստեր: «Այդ նիստերուն, բացի սփիւռքի նախարարութենէն, պիտի մասնակին նաեւ Հայաստանի միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարարութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը», ըսած է նախարարը:

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի ներկայացնէ զեկուցումներ «Ազգ-բանակ» հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակին, ազգային գաղափարախօսութեան, ազգային ներուժը բանակաշինութեան ոլորտին մէջ համախմբելու վերաբերեալ, անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի թեմային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան առնչուող հարցերուն», տեղեկացուցած է Յակոբեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.