2017-09-05 10:18:00

Խորհրդածութիւն. Աչքերը բանալ Աստուծոյ հրաշքներուն։


« Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումները ՝ ըսաւ. « Ամէն թագաւորութիւն որ ինքնիր մվջ բաժնուած է ՝ կը կործանի եւ ամէն տուն որ ինքնիր մէջ բաժնուած է՝ կը քանդուի : Եթէ սատանան ինքնիր մէջ բաժնուած է, ինչպէ՞ս անոր թագաւորութիւնը կանգուն կը մնայ, քանի որ ինծի կ'ըսէք թէ Բէեղզեբուղի անունով կը հանեմ սատանաները : Եթէ ես Բէեղզեբուղի անունով կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն զանոնք : Ասոր համար , անոնք վեր դատաւորները պիտի ըլլան: Իսկ եթէ Աստուծոյ մատով կը հանեմ սատանաները, ուրեմն Աստուծոյ արքայութիւնը հասած է ձեր վրայ: » ( ՂԿ 11, 17-20)

     Վերջերս շատ կը խօսուի հանրութեան մէջ սատանային եւ իր դերին մասին մարդոց կեանքին մէջ ... Ժողովուրդը այլեւս հեռու է Աստուծմէ եւ մանաւանդ աստուածային եւ երկրային արժէքներէն որովհետեւ իրենց սրտին մէջ զետեղեցին մեղքն ու սատանան :

     Այսօրուայ հատուածէն կը հասկնանք թէ որքան կարեւոր է մարդուս՝ աչքերը բանալու զանազան անցուդարձներու վրայ, սատանան միշտ կը փնտռէ մաքուր տեղ մը բարի եւ ազնիւ եւ մանաւանդ հաւատքով լեցուն անձ մը որ իր սրտին մէջ մտնէ եւ շինէ  իր հողը եւ նստարանը մարդուն կեանքին մէջ: Եւ սակայն շատերը կը մերժեն սատանային եւ չար հոգիին ներկայութիւնը այս կեանքին մէջ, կ'անգիտանան նաեւ իր մեծ դերը մարդուն եւ աշխարհին գոյութեան :

     Այսօրուայ օրինակին մէջ Յիսուս մատը կը դնէ սատանային ներկայութեան խուլ մարդու մը մէջ : Սատանայ մը վռնտելը պարզ բան մը չէ որովհետեւ այն իրականութիւնը որ կատարուեցաւ 2000 տարիներ առաջ այսօր նոյնիսկ կրնայ պատահիլ ... մեծ արտասովոր արարք մըն է, որովհետեւ Աստուած հոս կը միջամտէ ուր շատեր մաքսաւորներու եւ դպիրներու նման որոնց հոգը չէ ապրելու այդ իրողութիւնը . ուրիշներ ալ կը սեպէին թէ այս արարքը Աստուծմէ եկած է: Յիսուս իր զարմանքը կը յայտնէ որովհետեւ « աչքեր ունին եւ չեն տեսներ »:

     Երէկուայ կեցուածքը կը նորոգուի մեր մէջ երբ կ'ընենք նոյնը որ ըրած էին դպիրները ՝ 2000 տարիներ առաջ : Աստուծոյ նշանները կը տեսնենք եւ միեւնոյն ժամանակ կը դառնանք վկաները Աստուծոյ բարիքներովն որոնցմով կ'ապրինք ամէն օր եւ սակայն նոյն խնդրանքը կ'ընենք « Ո՞վ Տէր ցուցուր մեզի քեզմէ եկած նշան մը »: Խնդրելու ենք հոս ճիշտ հակառակը որ Տէրը բանայ մեր աչքերը՝ փառաբանելու հրաշալի նշանները հակառակ մեր դժուարութիւններուն ...

 

 

     Յիսուս ոչ միայն կ'ուզէ վռնտել սատանան խուլ երիտասարդէն այլ մեր սրտէն կ'ուզէ վռնտել այն ամէն չար հետքերը: Այդ զօրաւոր եւ զինեալ մարդը որուն մասին Յիսուս կը խօսի, այն սատանան է որ տեղ գրաւեց իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ, հաստատուած իր բոլոր ուժով եւ սակայն Յիսուս կ'ուզէ զինք վռնտել, կ'ուզէ մեզ մաքրել եւ հաստատել մեր սրտին մէջ Աստուծոյ ուրախութիւնը, մենք պէտք ունինք իրեն որպէսզի մեզ մաքրէ բոլորովին ամէն տեսակ աղտոտութենէ :

     Քրիստոսը մեզ կը հրաւիրէ անտարբեր չմնալու « Ան որ հետս չէ ինծի հակառակ է ...» եւ ուրիշ տեղ նորէն կ'ըսէ թէ հաւատացեալը 2 տէրերու չի կրնար ծառայել ...

     Յիսուս հետեւելու նախընտրութիւնը անձնական է որովհետեւ ոչ ոք կրնայ մէկու մը տեղը առնել ... Յիսուս ետեւէն երթալու ընտրութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ամէն օր նորոգել այս որոշումը   որովհետեւ սատանան միշտ   ներկայ պիտի մնայ մեր մէջ՝ մեզի իյնացնելու իր փորձանքներուն մէջ:

     Տիրոջմէ խնդրենք որ մեզի շնորհէ այն ուժը միշտ լաւագոյնը ընտրելու եւ իրեն հետ մնալու համար : Ամէն :

 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.