2017-09-04 08:36:00

Հոնտուրասի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս օրերուն Հոնտուրասի կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը գտնուին Հռոմի մէջ ու եկած են կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը։ Կանոնական պաշտօնական այցի ընթացքին եպիսկոպոսները ընդհանրապէս հանդիպումներ կ՛ունենան Վատիկանի Վերին Իշխանութեան զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ, անոնց հետ քննարկելու համար տեղական եկեղեցւոյ հայող զանազան հարցեր։ Այցին ամենակարեւոր հանգրուանը կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը եւ այդ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հօր անոնց փոխանցած պատգամը։

Հոնտուրասի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն Ֆրանչիսկոս Պապին  հետ  հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ  4 սեպտեմբերին։

Հոնտուրասը ունի 112,492 քմ տարածք եւ 8.576.532 բնակիչ` որոնց 79,5 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Հոնտուրասի եկեղեցին կը կառավարէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, որ պաշտօնապէս կազմուած է 1929-ին եւ որուն կանոնագիրքը վաւերացուած է 30 ապրիլ 2003 թուականին։

Եկեղեցին ունի մէկ Աւագ Թեմ եւ ինը այլ թեմեր։Աւագ թեմին առաջնորդն է Կարդինալ Օսքար Անտրէս Ռոտրիկէս Մարատիական։

Հոնտուրասի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց 14րդ դարուն շնորհիւ սպանացի միսիոնարներու։ Հոնտուրասի մէջ առաջին պատարագը մատուցուած է 14 օգոստոս 1502-ին, Քրիստոֆորօ Քոլոմպոյի չորրորդ ու վերջին ճամբորդութեան առթիւ։

18-րդ դարուն Հոնտուրասի եկեղեցին կ՛ապրի ծաղկունքի շրջան ու 1678-ին այնտեղ կը հիմնուի առաջին նորընծայարանը։

ԺԹ դարուն երկրի նոր սահմանադրութիւնը կաթողիկէութիւնը կը հռչակէ որպէս պաշտօնական կրօն, սահմանելով սակայն կրօնի ազատութիւնը։

1983-ի Մարտ 8-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը` Քահանայապետութեան  առաքելական 17-րդ ճամբորդութեան առթիւ  կ՛այցելէ նաեւ Հոնտուրասը։

Վերջին տասնեակներու ընթացքին Հոնտուրասի ներքին կարգավիճակի վատթարացումի պատճառաւ եպիսկոպոսները յաճախակի բողոքներ ու կոչեր կ՛ուղղեն կառավարութեան ի պաշտպանութիւն բարոյականութեան, մարդու արժանապատուութեան, արդարութեան եւ անհատի ազատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.