2017-09-04 08:22:00

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի Թուրքիոյ մէջ կայանալիք համաժողովին։


Թուրքիոյ մէջ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ  «Օսմանեան արխիւներու 2-րդ միջազգային համաժողով»-ը, որու ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

 «Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, համաժողովի բացումը պիտի ընէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Համաժողովին պիտի  մասնակիցին մտաւորականներ, պատմաբաններ, արխիիւագէտներ, որոնք ըստ աղբիւրին` «հիմնուելով պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին պատկանող, արխիւի մէջ տեղ գտած նիւթերու վրայ, պիտի քննարկեն պատմական փաստերը»:

Մասնաւորապէս  համաժողովի ընթացքին պիտի ըլլան «Օսմանեան կայսրութեան մէջ արտագաղթը եւ բռնի արտագաղթը» եւ «Լոզանի եւ նեղուցներու հարցը» խորագիրով քննարկումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.