2017-09-02 11:16:00

Վանական աւանդութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին - Վանականութիւն ԽԴ.


Ապա Գրիգոր Տաթեւացի կը խօսի մարդու բնութեան մասին, որ հոգի է եւ մարմին։ Ան կʼըսէ՝ «Հոգին կը սիրէ առաքինութիւնը՝ պահքը եւ աղօթքը, մինչ մարմինը՝ ուտելը եւ հանգիստը։» Ան կը նկարագրէ հոգիի եւ մարմնոյ միջեւ մղուած «պատերազմը»։ «Այս պատերազմին մէջ, կʼըսէ Տաթեւացի, պէտք է հոգեւոր զէնքեր զգենուլ, ինչպէս կʼըսէ առաքեալը կորնթացիներու նամակին մէջ՝ ʼպահքով, սրբութեամբ, գիտութեամբ, արդարութեան զէնքով՝ աջին եւ ձախինʼ։ Վարդապետները կʼըսեն, թէ զանազան են զէնքերը։ Որոշ զէնքերու համար մէկ ձեռքը բաւական է, որովհետեւ թուրը եւ մահակը մէկ ձեռքով կրնայ գործածել. բայց աղեղին համար՝ երկու ձեռք պէտք են, որովեհտեւ աղեղը երկու բաժին է, մէկը ծուռ եւ կեռ փայտն է, եւ միւսը լարը, որ ուղիղ է։ Աղեղնաւորը ձախ ձեռքով իրմէ հեռու կը տանի ծուռ փայտը, եւ աջ ձեռքով ուղիղ լարը իր կողմ կը քաշէ։ Այսպէս, մեղքը որ ձախ է եւ ծուռ պէտք  է անձէն հեռացնենք, եւ առաքինութիւնը որ ուղիղ է եւ աջ, պէտք է մենք մեզի քաշենք։ Եւ որչափ լարը փայտէն աւելի հեռանայ, այնքան աւելի ուժեղ կը հարուածէ նետը։ Նոյնպէս է եւ առաքինութիւնը. որքան աւելի հեռանայ մեղքէն առաւել կերպով կը հարուածէ սատանան։»

Գրիգոր Տաթեւացի յիշելով Քրիստոսի 40 օրերը անապատին մէջ, որ պահեցողութեամբ յաղթեց փորձութեան, կը նկատէ, թէ Քրիստոս, որ մեր զօրավարն է, պատերազմի մէջ մեր առջեւէն կʼընթանայ։ «Ասոր համար, կʼըսէ ան, պէտք է մենք Քրիստոսի ետեւէն երթանք եւ պահքով յաղթենք սատանայի փորձութեան։»

«Պահքը երկու տեսակ է՝ մէկը պահել կամ հեռու մնալ մեղքերէն, եւ միւսը պահել կամ հեռու մնալ մարմնաւոր կերակուրներէ եւ ըմպելիներէ։ Երկուքն ալ բարի են։ Սակայն մեղքէն հեռու մնալը հարկաւորագոյն է երկու պատճառով։ Նախ՝ հրաման չկայ միշտ պահելու մարմնաւոր կերակուրներէ, այլ միայն երբեմն. մինչ մեղքէն հեռու մնալը միշտ պէտք է։ Երկրորդ՝ մեղքէն հեռու մնալը, օգտակար է նոյնիսկ առանց մարմնաւոր կառկուռներէն պահելը. սակայն մարմնաւոր կերակուրներէն պահելը՝ առանց մեղքէն հեռու մնալու՝ ոչ մէկ օգուտ ունի։ Ասոր համար վարդապետները կʼըսեն՝ թէ մարմնի պահքը ա´յն ժամանակ գեղեցիկ է, երբ հոգին ինքզինք մեղքերէն հեռու կը պահէ։ Եւ ի՞նչ օգուտ ունի երբ մարմինը պահքով կը տկարանայ, մինչ հոգին կը գիրնայ մահացու մեղքերով։

Տաթեւացի Եսայի Մարգարէէն կը մէջբերէ Աստուծոյ խօսքը՝ ««Արդ, ձեր ծոմապահութեան օրերուն ձեր ցանկութիւնները կը կատարէք եւ կսկիծ կը պատճառէք անոնց, որոնք ենթակայ են ձեզի։ Հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ կը պահէք եւ կը բռնցկահարէք տկարը։ Իսկ ինծի պէտք չէ այդպիսի ծոմապահութեան օրը։» (Ես ԾԸ. 3-10)

Ապա, կը շարունակէ Տաթեւացի՝ «Ոմանք պահքի օրերուն ոչխարի միս չեն ուտեր. Բայց կʼուտեն մարդու միս՝ որ առաւել ծանր է, որովհետեւ անխտիր կը բամբասեն եւ սուտ կը վկայեն ընկերոջ մասին։ Այլ թէպէտ միշտ պէտք է մեղքէն հեռու մնալ, այլ առաւել եւս տօնի օրերուն։ Սակայն անարգ սովորութիւն մը տարածուած է, ուր մարդիկ կիրակի եւ մեծ տօներուն աւելի կʼաշխատին, քան այլ օրերուն։ Պէտք է նաեւ գիտնալ, թէ կերակուրներէն պահելը աւելի օգուտ ունի, եթէ այդ սրբութեամբ կը կատարուի։»

Գրիգոր Տաթեւացի ցոյց տալու համար պահքի զօրութիւնը, կʼըսէ՝ «Վարդապետները կʼըսեն, թէ օձի թոյնը կը սպանէ մարդը. Նոյնպէս եւ պահք բռնող մարդուն թուքը օձը կը սպանէ։»

Այստեղ յիշենք Եսայի Մարգարէին ան հատուածը, որտեղէն Գրիգոր Տաթեւացի կատարած է մէջբերումը, շեշտելու համար, թէ պահքը առանց հոգեւոր դարձի եւ բարի գործերու կը մնայ անիմաստ։

«Արդ, ձեր ծոմապահութեան օրերուն ձեր ցանկութիւնները կը կատարէք եւ կսկիծ կը պատճառէք անոնց, որոնք ենթակայ են ձեզի։ Հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ կը պահէք եւ կը բռնցկահարէք տկարը։ Իսկ ինծի պէտք չէ այդպիսի ծոմապահութեան օրը. դուք պիտի գաք եւ բողոքէք ինծի, եւ ես չպիտի լսեմ ձեզ։ Այդպիսի ծոմապահութիւնը չէ, որ ես ընտրեցի, եւ ոչ ալ այնպիսի օրը, երբ մարդ իր անձը կը տանջէ։ Եթէ պարանոցդ կորացնես օղակի նման եւ տակդ քուրձ եւ մոխիր տարածես, այդ ալ սակայն չեմ համարիր ծոմ եւ ընդունելի օր. այդպիսի ծոմապահութիւնը չէ, որ ես ընտրեցի, կʼըսէ Տէրը։ Քանդէ անիրաւութեան հանգոյցը, խորտակէ քու վաճառականական խարդախութիւնդ եւ բռնութիւնդ,            ներէ նեղեալներուն եւ արձակէ զանոնք, եւ պատռէ բոլոր անիրաւ մուրհակները։ Քաղցածներուն բաժնէ քու հացդ եւ անօթեւան աղքատները տար քու տունդ. Եթէ մերկ մարդ տեսնես՝ հագուեցուր զայն, բայց քու ընտանիքիդ զաւակը մի անտեսեր։ Այն ժամանակ այգաբացի պէս պիտի ծաւալի քու լոյսդ, եւ արագօրէն պիտի հասնի քու ապաքինումդ, քու առջեւէդ պիտի ընթանայ քու արդարութիւնդ, եւ Աստուծոյ փառքը պիտի պահպանէ քեզ։ Այն ժամանակ պիտի կանչես եւ Աստուած պիտի լսէ քեզի. մինչեւ դուն խօսիս, Ան պիտի ըսէ՝ թէ ʼԱհա հասած եմʼ։ Եթէ դուն քու մէջէդ հեռացնես խարդախութիւնը, ձեռնձգութիւնը եւ տրտունջի խօսքերը, քու հացդ յօժար սրտով քաղցածներուն տաս եւ չքաւոր մարդիկ կշտացնես, այն ժամանակ խաւարի մէջ կը ծագի քու լոյսդ, քու խաւարդ կը վերածուի միջօրէին։» (Ես ԾԸ. 3-10)








All the contents on this site are copyrighted ©.