2017-09-02 08:12:00

Կարդինալ Փարոլին ''Յոյսը հաշտութեան ու խաղաղութեան ընթացքը սնուցող վառելանիւթն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առաջին քայլը կատարենք'' այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քահանայապետութեան առաքելական 20-րդ ճամբորդութեան կարգախօսը զոր զինք պիտի առաջնորդէ Քոլոմպիա` 6էն 11 սեպտեմբեր 2017-ին եւ որ պիտի ընդգրկէ չորս քաղաքներ ու ամէն մէկ քաղաքի այցը պիտի յատկանշուի մէկ թեմայով. Պոկոթայի մէջ շեշտը պիտի դրուի ''խաղաղութեան արհեստաւորներ եւ խաղաղութեան խթանողներ'' նիւթին վրայ.Վիլլավինչենցիոյի մէջ պիտի շեշտուի հաշտութեան նիւթը մինչ Մետելլինի մէջ կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ Քրիստոնէական կոչումն ու առաքելութիւնը հուսկ Քարթակենայի մէջ մարդկային արժանապատուութիւնն ու մարդկային իրաւունքը պիտի հանդիսանան այցելութեան յատկանիշը։

Սոյն ճամբորդութեան կարեւորութեան մասին արտայայտուելով Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը ունի հովուական բնոյթ ու անոր նպատակն է ամրապնդել ու քաջալերել հաւատքի մէջ եղբայրները որպէսզի վերակենդանացնեն սիրոյ արտայայտութիւններն ու ապրին քրիստոնէական յոյսը։  Թէեւ, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, երկիրն մէջ տիրող յատուկ իրավիճակը, ուր 50 տարիներու պայքարի ու բռնութիւններէ ետք սկիզբ տրուեցաւ խաղաղութեան գործընթացքին, Նորին Սրբութիւնը կը մղէ, որպէս տիեզերական եկեղեցւոյ հովիւ եւ որպէս Հոգեւոր առաջներդ, աջակցելու այդ գործընթացին ու քաջալերելու Քոլոմպիացի ժողովուրդը  դիմելու հաշտութեան եւ խաղաղութեան։

Կարդինալ Փարոլին ապա հաստատեց թէ խաղաղութիւնը հաստատելու համար բաւարար չէ փաստաթուղթի մը ստորագրութիւնը ու թէ հարկաւոր է կատարել վճռական քայլեր առօրեայի ուղեւորութեան ընթացքին, այս ուղղութեամբ մատնանշելով նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան` Քոլոմպիացի ժողովուրդին մէջ արծարծելու հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը։

Անդրադառնալով հուսկ առաքելական ճամբորդութեան  ''առաջին քայլը կատարենք'' կարգախօսին կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ այս կը նշանակէ դարմանել սրտերը ու խնամել վէրքերը, յոյս ներշնչել, որովհետեւ յոյսը վառելանիւթն է որ կը սնուցէ դէպի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն առաջնորդող շօշափելի ճանապարհը''։

''Այս կարգախօսը կարեւոր է նաեւ որովհետեւ այդ կը ներառէ բոլորը, ամէնքն ալ պէտք է իրենք զիրենք ներգրաւուած զգան խաղաղութեան գործընթացին մէջ'' ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.