2017-09-02 10:51:00

Մէկ սեպտեմբերին Արցախի 217 դպրոցի մէջ կայացաւ «Առաջին Զանգ»-ի արարողութիւն


Մէկ սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան 217 դպրոցներու մէջ կայացաւ «Առաջին զանգ»-ի արարողութիւն:

Այս մասին «Արցախփրես»-ին ըսած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Սլաւա Ասրեան` տեղեկացնելով, որ այս տարի առաջին դասարան  ընդունուած է շուրջ 2500 աշակերտ:

«Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի առիթով կը շնորհաւորեմ դպրոցականները, ուսուցչական կազմերը եւ համայն հայութիւնը: Այսօր մեր հասարակութեան համար գիտելիքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, իսկ գիտելիքի հիմքերը կը դրուին ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Արցախի մէջ գործող բոլոր կրթական օճախները կը գործեն լիարժէքօրէն` կատարելով իրենց մեծ առաքելութիւնը»,-ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.