2017-09-01 13:00:00

Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ սեպտեմբեր մէկին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ.

''Ժողովրդապետութիւնները պէտք է մնան կապի մէջ ընտանիքներու հետ, մարդոց կեանքին ու ժողովուրդի կեանքին հետ։ Անոնք պէտք է ըլլան օճախներ ուր դուռը միշտ բաց ըլլայ` ուրիշներու հետ հանդիպելու համար։ Եւ կարեւոր է որ ուրիշներու հետ հանդիպումը հետեւի  հաւատքի յստակ մէկ առաջարկին։ Այս կը նշանակէ բանալ դռները եւ թոյլ տալ որ Յիսուս դուրս գայ` իր պատգամի ամբողջական ուրախութեամբ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ պատգամին աւարտին հրաւէր ուղղեց աղօթելու ըսելով. ''Աղօթենք մեր ժողովրդապետութիւններու համար որպէսզի չ՛ըլլան պարզ գործնական գրասենեակներ­, այլ ըլլան` միսիոներական հոգիով ոգեւորուած, հաւատքի փոխանցումի ու սիրոյ վկայութեան միջավայրեր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.