2017-09-01 10:14:00

Հայերու, Յոյներու եւ Քիւրտերու պատմութեան նուիրուած գիտաժողով


Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22-23-ին տեղի պիտի ունենայ «Հայերը, յոյները եւ քիւրտերը. Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդներու պատմութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) կայանալիք ձեռնարկին նպատակն է հաւասակշռել սովորաբար միայն թրքական արխիւներու հիման վրայ ներկայացուող Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը, անոր փոխարէն՝ հրամցնելով հայկական եւ այլ աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւններ։ Ներկայացումները յատկացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդած շրջանի իրադարձութեանց՝ կեդրոնանալով տարբեր շրջաններու պատմութեանց վրայ։

Գիտաժողովի համահովանաւորներն են համալսարանի Արուեստներու եւ Պատմութեան բաժանմունքները, իսկ անոր նիւթապէս կ՛աջակցին Թոմաս Գույումճեան ընտանիքի հիմնարկութիւնը, «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկութիւնը եւ «Վիքթորիա Գազան» Հայագիտութեան հիմնադրամը։ Կազմակերպչական աշխատանքները կ՛իրականացնեն՝ Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ դոկտ. Ումիթ Քիւրթ («Հարվըրտ» համալսարանէն)։

Գիտաժողովը պիտի սկսի հիւրասիրութեամբ, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:30ին, ապա՝ մէկ ժամ ետք, բացման խօսք պիտի արտասանէ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։ Առաջին նիստին, ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Օուըն Միլըր, Տէյվիտ Կաթմեն եւ Ուղուր Փեչէ։

Գիտաժողովը պիտի շարունակուի Շաբաթ առաւօտեան, ժամը 10ին։ Օրուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան երկու նիստեր։

Ա. նիստի համադրողն է Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի «Պէրպէրեան» հիմնադրամի դասախօս դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթան, նաեւ ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Էմրէ Չան Տաղլիօղլուն, Վարագ Քեթսեմանեանն ու դոկտ. Ումիթ Քիւրթը։

Սուրճի դադարէ ետք կայանալիք օրուան Բ. նիստին պիտի ներկայացուին երկու այլ ուսումնասիրութիւններ՝ Նիլայ Էօզաք Կիւնտողանի եւ Ճենեթ Քլայնի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.