2017-08-31 08:32:00

Միլանը կը յիշատակէ իր առաջնորդ Արքեպիսկոպոսները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միլանի երբեմնի Արքեպիսկոպոս (2002-2011) Կարդինալ Թեթթամանցիի անցեալ 5 օգոստոս 2017-ին վախճանումէն մի քանի օրեր ետք Միլանի թեմը յատուկ արարողութիւններով կը յիշատակէ իր Արքեպիսկոպոսները''։ Այս կը կարդանք Միլանօ թեմին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ուր նշուած է թէ չորեքշաբթի 30 օգոստոսի երեկոյեան 5,30-ին Միլանոյի ''Տումոյին'' մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Անմահ պատարագ ի յիշատակ Կարդինալ Ալֆրետօ Իլտէօֆոնսօ Շուսդերի որ Միլանի առաջնորդ եղած է 1929 – 1954 տարիներուն եւ որուն մահուան տարելիցը կը նշուի 30 օգոստոսին (1954)։ Ապա ուրբաթ 31 օգոստոսի երեկոյան 5,30-ին երջանկայիշատակ Կարդինալ Քարլօ Մարիա Մարթինիի մահուան 5-րդ տարելիցին առթիւ (31 օգոստոս 2012) Միլանի առաքելական հոգաբարձու` Կարդինալ Անճելօ Սքոլա կը նախագահէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագի արարողութիւնը, ի յիշատակ հանգուցեալ ծիրանաւորին որ Միլանի առաջնորդ եղած է 1979-էն մինչեւ 2002ը։

Յիսուսեան միաբան Կարդինալ Մարթինի ծնած էր Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։
17 տարեկանին անդամակցած էր Յիսուսեան միաբանութեան եւ 1952-ի յուլիս 13-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած։
Հմուտ աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ 1978-ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Հռոմի՝ Գրիգորեան Համալսարանի Փոխ Ռէկտոր ։1979-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ անոր կը յանձնէ Միլանի Արքեպիսկոպոսութեան առաջնորդութիւնը, զոր ան կը կառավարէ 22 տարիներ ամբողջ։ 1983-ի փետրուարին կը ստանայ ծիրանաւորի աստիճանը։
11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, Մարթինի կարդինալը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ, եւ Միլանի թեմի առաջնորդութեան անոր կը յաջորդէ Կարդինալ Տիոնիճճի Թեթթամանցին որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 5 օգոստոսին։

Կարդինալ Մարթինին, հրաժարականէն ետք կը փոխադրուի Երուսաղէմ ուր կը շարունակէ  իր Աստուածաշունչի մասին ուսումնասիրութիւնները մինչեւ 2007 թուականը։ 2008-ին առողջական պատճառներու բերումով կը վերադառնայ Միլան ուր` Յիսուսեան միաբանութեան տան մէջ, ուրբաթ 30 օգոստոս 2012-ի յետ միջօրէին՝ (ժամը 3:45-ին) 85 տարեկանին կը կնքէ մահկանացուն։

Ռատիովատիկանի երբեմնի տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին կարդինալ Մարթինի որակած էր որպէս ''Արի Աւետարանիչ'' 








All the contents on this site are copyrighted ©.