2017-08-30 13:32:00

Կարդինալ Զենարի կը հաստատէ թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը մնայ ողբերգական։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Որոշ յոյսի նշոյլներ կան` սակայն վերջնական լուծումը շատ դժուար կը թուի։ Այս տարուայ սկիզբէն 600 հազար անհատներ վերադարձան իրենց տուներն ու գիւղերը, սակայն նոյն շրջանինտարբեր վայրերէն տեղահաններու թիւը հասաւ 800 հազարի։ Այս թիւերը դժբախտաբար տխուր իրողութիւն են''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարի Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան Tg2000 հեռուստակայանի հետ վերջերս ունեցած մէկ զրոյցի մը ընթացքին։

''Մարդիկը այլեւս գործ չունին, եւ այս պատճառաւ կորսնցուցին առողջական ապահովագրութեան իրաւունքը'' յայտնած է Կարդինալ Զենարի  տեղեկացնելով թէ այս իրողութեան դիմաց է որ Կաթողիկէ հիւանդանոցները իրենց դռները բացած են բոլոր աղքատներուն առջեւ, առանց կրօնի կամ ցեղային խտրութիւն ընելով''։ Ան ապա աւելցուցած է թէ ''տառապանքը հաւասար է բոլոր դաւանանքներու հաւատացեալներուն համար'' ու թէ ամէնէ սուղ գին վճարողները եղած են սիւննիները։ 

Կարդինալ Զենարի ապա հաստատած է թէ կեանքը միշտ աւելիով կը սուղնայ ու անմիջական կենսանիւթերը միշտ աւելիով կը պակսին ինչպէս է պարագան ելեկտրականութեան կամ վառելանիւթին, մինչ երկրին բնակչութեան 75 առ հարիւրը կ՛ապրի յետին աղքատութեան մէջ։

''Հիւանդապահներու ու առողջապահական մարմնի 2 երրորդը հեռացած է երկրէն, առ այդ կարիքը կայ նոր բժիշկներ ու հիւանդապահներ ճառելու ու անոնց ապահովելու պատշաճ կազմաւորում'' յայտնած է միշտ Կարդինալ Զենարի, դիտել տալով թէ պատերազմը տակաւին չէ վերջացած ու թէ քրիստոնեաներու պարագային` անոնք որոնք Եւրոպա փոխադրուեցան առ այժմ միտք չունին իրենց տուները վերադառնալ, մինչ Լիբանան ապաստան գտնողները կը վերադառնան որովհետեւ Լիբանանի մէջ կեանքը շատ աւելի սուղ է ու անոնք կը նախընտրեն իրենց կիսաւեր օճախները քան պանդխտութիւնը''։

''Ասով հանդերձ կացութիւնը կը մնայ ողբերգական'' շեշտած է Սուրիոյ մօտ Պապական Նուիրակը կարդինալ Զենարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.