(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը, Քարիթասի եւ Սան Վինչենցօ հաստատութեան հետ միասին մօտէն կը հետեւի Թեքսասը հարուածող «Հարվի» փոթորիկին պատճառաւ գոյացած կացութեան։
Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Տանիել Տի Նարտօ հրաւէր ուղղած է աղօթելու եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելու յատկապէս աղքատներու նկատմամբ որոնց կացութիւնը առ աւելիով դիւրաբեկ է ու կեանքը վտանգուած - նշած է Ան հրապարակած մէկ պատգամին մէջ որուն աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ բոլոր փրկարար մարմիններուն, զանոնք որակելով անյայտ հերոսներ, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով կը ջանան փրկել ուրիշներունը։
Մինչ Քորփուս Քրիսթի թեմին եպիսկոպոսը որոշած է մնալ իր հաւացեալներուն հետ ու անոնց կից ու չլքել իր բնակարանը որովհետեւ «բազմաթիւ անհատներ, կարող չեն հեռանալ քաղաքէն ու անոնցմէ շատերը աղքատներ են»։ «Ես կ՛ուզեմ այստեղ մնալ անոնց հետ» շեշտած է Եպիսկոպոսը որ Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ տեղադրած է կոչ մը ուղղուած հաւատացեալներուն հրաւիրելով զանոնք ըլլալ միասին ու աղօթել ունենալով Սուրբ Պետրոսին միեւնոյն հաւատքը երբ Յիսուս կը դադրեցներ փոթորիկը։ Ան ապաիր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց որոնք կը շարունակեն գործել ի սպաս Փոթորիկի թիրախ բնակչութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |