2017-08-29 08:30:00

Գարեգին Բ եւ Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Սեպտեմբերին պիտի հանդիպին


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշազատէն Սեպտեմբերին պիտի հանդիպին: Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:

«Նախնական տուեալներով` հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ»,- ըսած է Տէր Վահրամը:

Հանդիպումը կը կազմակերպուի Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Գիրիլի միջնորդութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.