2017-08-29 08:10:00

Խորհրդածութիւն. «Ո՛վ Տէր ե՞րբ մեզ պիտի փրկես»։


« Ո՞վ Տէ՛ր, ... օգնէ մեզի, որովհետեւ կը կորսուինք:» Յիսուս ըսաւ անոնց . « Ինչո՞ւ կը վախնա՛ք թերահաւատնե՛ր : » Ոտքի կանգնելով՝ սաստեց հովերուն եւ ծովին եւ իսկոյն անդորրութիւն տիրեց: Իսկ մարդիկ զարմացած կ'ըսէին իրարու . « Ո՞վ է ասիկա, որուն հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն» ( Մատթ 8,25-27 ) :

     Յաճախ կը մտնենք կորուստի եւ վախի մէջ, կը զգանք թէ առանցին կը պայքարինք այս օրերու դժուարութիւններուն դէմ, մոռնալով մեր Քրիստոնէական ինքնութիւնը եւ հաւատքի եւ յոյսի շնորհքները զոր Աստուած իւրաքանչիւրս կը շնորհէ :

     Յիսուս յաճախ կը խօսէր առակներով եւ օրինակներով իր աշակերտներուն եւ հաւաքուած ժողովուրդին կարգ մը պատգամներ հասցնելու համար եւ սակայն իր աշակերտներուն կոչումը հաստատ եւ զօրաւոր գայլերու վրայ դրաւ իր աշակերտներուն աշխարհիս առաքեալները դառնալու համար: Այս կոչումը որ կը յանձնէր իրենց կարգ մը մարդոց անհաշիւ եւ անսահման էր. ատոր համար աշակերտի մը ըսաւ « դուն հետեւէ ինծի եւ թող մեռելները թաղեն իրենց մեռելները » ( Մատթ 8, 22 ) :

     Յիսուս առաւ նախ եւ առաջ օրինակը եւ դէպքը ՝ իրենց որոշ ուսուցում մը տալու համար որ կը վերաբերի մեր նոր կեանքին որ է առաքելութիւնը զոր տուաւ իր աշակերտներուն եւ կը շարունակէ տալ այսօրուայ կղերականներուն այսինքն հետեւիլ Քրիստոսին նաեւ իր պատուիրաններուն :

     Յիսուս իր աշակերտները որոշումի մը առջեւ դրաւ զիրենք եւ այս պատկերին մէջ հասկցնելով իրենց թէ հակառակ որ հեռու էր իրենցմէ եւ կը քնանար : Հեռու էր ամէն տեսակ տաղտկութենէն , եւ սակայն իրենք հասկցուց թէ իրենց նոր ճանապարհը որոտումով կը սկսի որպէս զի իրենց ցուցնէ ճշգրիտ հրաւէրը  իրեն հետ երթալու , ըլլալու՝ եւ իր ուսուցումներուն հետեւելու: Տէրը մեզ կը մտցնէ այն նաւամուտքին մէջ որ մեզի անյայտ կը թուի  եւ սակայն կը հետեւինք այս ճանապարհին որովհետեւ մեզ կ'առինքէ : Յիսուս յաճախ մեզ առանցին կը ձգէ պայքարելու համար իր կեանքին համար եւ յաճախ մեզի առիթներ կը շնորհէ որպէսզի մեր կարգին ցուցնենք իրեն մեր սէրը :

     Յաճախ կը գտնուինք վտանգի մէջ եւ կը գոչենք « Ո՞վ Տէր, փրկէ ինծի », եւ սակայն Տէրը գիտէ որ մենք վախին մէջ գտնուինք երբ հեռու ենք իրմէ , կը կորսուինք թէ որ երթալու ենք եւ կամ ալ ինչ որոշումներ պիտի առնենք : Մենք այլեւս կը դառնանք իր ընկերակիցները եւ ոչ այն անձերը որոնք վախի մէջ ըլլալով զինք կ'արթնցնենք իր քունէն:

     Երբ իմ տկարութիւնս եւ անկարողութիւնս կը ճանչնամ, կը դառնամ այն ճշմարիտ աշակերտը Քրիստոսին որ կ'ապրի Աստուծոյ ողորմութեան եւ սիրոյ մէջ, որովհետեւ կը դառնամ այն պարզ ընկերը Քրիստոսին որ կը փափաքի միմիայն իրեն քով տեղ մը գրաւելու համար, եւ սակայն այս փափաքը ունենալու համար,  մեզմէ կը պահանջուի իսկական աշխատանք մը վառելու այսօրուայ թշուառութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքարին մէջ, առանց մոռնալու որ մենք սիրով զօրացած պէտք ենք ըլլալ՝ մեր տկարութիւնները եւ մեղքերը ճանչնալով :

     Հակառակ ամէն բանի,  մենք առաքեալներուն նման կը զգանք տկարութիւնը մեր հաւատքին եւ սակայն գիտակից ենք թէ Յիսուս մեզի կը մօտենայ գուրգուրանքով եւ բարութեամբ կեանքին հովը մեր վրայ թեթեւցնելու համար:

     Բանանք մեր աչքերը Յիսուսի Իսկական դիմագիծը ճանչնալու համար: Համոզուինք որ ընտրեցինք այն անձը որ մեր կարծածէն աւելի մեծ եւ վսեմ է : Հոս կը սկսի մեր հոգեւոր կեանքը, հոգեւոր  յարաբերութիւնը Տիրոջ հետ որ միշտ պէտք է ըլլալ անձնական , ջերմ եւ խորունկ Յիսուս Քրիստոսի հետ:

     Ո՞վ Տէր, ահաւասիկ քու առջեւդ կը գտնուիմ : Կ'ուզեմ քու կոչիդ հետեւիլ : Այսօր կը փափաքին քովդ մնալ՛ քեզ աւելի ճանչնալու եւ գիտնալու թէ դուն ո՞վ ես ինծի համար ... Կ'ուզեմ որ ինծի յայտնես քու ճշմարտութիւնդ եւ սէրդ՝ քու խօսքիդ եւ սուրբ հաղորդութեան միջոցաւ : Բա՛ց իմ աչքերս տեսնելու խաչին խորհուրդը որ զայն աւելի լաւ ըմբռնեմ քեզի հետեւելու եւ քու ձայնդ լսելու յաւիտենականութեան : Ամէն: 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.