2017-08-28 11:45:00

Փարիզի մէջ ցուցահանդէս Արեւելքի Քրիստոնեաներու դարաւոր պատմութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Արեւելքի Քրիստոնեաներ – Երկու Հազար տարուայ պատմութիւն''։ Այս է խորագիրը Փարիզի Արաբական կեդրոնի մէջ,  յառաջիկայ 26 սեպտեմբեր 2017-էն մինչեւ 14 յունուար 2018-ին, հիւրընկալուած ցուցահանդէսին որ կազմակերպուած է համագործակցութեամբ ''Œuvre d’Orient''` Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ի սպաս ֆրանսական բարեսիրական հաստատութեան, ուր պիտի ցուցադրուին փաստաթուղթեր, հին ու պատմական իրեր եւ իւրայատուկ գլուխ գործոցներ որոնք պիտի ներկայացնեն Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մէջ ներկայութեան պատմութիւնը ու անոնց դարերու հոլովոյթին` արաբական աշխարհին տուած սատարը` մշակութային, քաղաքական ու մտաւորական գետնի վրայ։

Ցուցահանդէսի ընդմէջէն բացի պատմական իրականութենէն կ՛ընդգծուի նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան զանազանութիւնը ու անոր տարբեր դրսեւորումները...Ղպտի, Յոյսն, Ասորի, Քաղդէացի, Հայ, Մարոնիթ, Լատին, Օրթոտոքս եւ Բողոքական։

Ցուցահանդէսին նպատակն է բացայայտել շրջանի քրիստոնէական մշակոյթներուն հարստութիւնը ու ընդգծել թէ քրիստոնեաներու պատմութիւնը չէ յատկանշուած միայն աղէտներով ու հալածանքներով, այլ ճանչցած է նաեւ զարգացումի ու բարգաւաճումի շրջաններ ու թէ անոնց գոյատեւման սպառնացող այսօրուայ վտանգներուն  կ՛ընկերանայ նաեւ յոյս մը` այն է որ Միջին Արեւելիքի հասարակութիւնները հասկնան թէ անոնք ունին միասնական ու դարաւոր ինքնութիւն մը հիմնուած համընդհանուր ու  բաժնեկից պատմութեան մը վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.