2017-08-28 13:26:00

Հալէպի մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի տօնը


Հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, սուր­բե­րու յի­շա­տա­կին կա­տա­րուող ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րը կը ձգ­տին զօ­րաց­նել հա­ւա­տաց­եալ­նե­րը իրենց հա­ւատ­քին եւ եկեղեցւոյ կապուածութեան մէջ ու պահպանել կրօնական աւանդոյթները:

Այս առումով, Բեր­իոյ Հա­յոց թեմէն ներս ամէնամեայ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին­ դէպի Սուրիոյ հայկական սրբավայրեր։

Վեր­ջին 6 տա­րի­նե­րուն, Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին բե­րու­մով, սուր­ի­ա­հայութիւնը զրկուեցաւ Եագուպիէի մէջ Ս. Աննայի տօնը յիշատակելու կարելիութենէն։

Առաջ­նորդ սր­բա­զան հօր տնօ­րի­նու­մով, սակայն, այս տօնը վերջին քանի մը տարիներուն յիշատակուիլ սկսաւ Հա­լէ­պի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ:

Շաբաթ, 26 Օգոստոս 2017-ին, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակամուտքի ժամերգութենէն ետք, տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում։ Այնուհետեւ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու եագուպիահայ երիտասարդներ մինչեւ առաւօտ պատրաստեցին աւանդական Հարիսան, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Կի­րա­կի, 27 Օգոս­տոս 2017-ին, հա­լէ­պա­հայ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու կող­քին, հայ­աշատ Եա­գուպի­է­էն ժա­մա­նա­կա­ւորապէս Հա­լէպ տե­ղա­փոխ­ուած ազ­գա­կից­ներ եւս ներ­կայ գտն­ուե­ցան առա­ւօտ­եան մա­տու­ցուող Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին, որուն ըն­թաց­քին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան մեր ժողովուրդին յոյսն ու հաւատքը ամրապնդող իր պատ­գա­մը տուաւ։

Ապա եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք ու հաւատացեալներուն բաշխուեցաւ օրհնուած մատաղապուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.