2017-08-27 10:39:00

Կիրակի 27 Օգոստոս 2017 Բ. Կիրակի Վերափոխման


Հոգւոյ փոթորիկը մեր կեանքին մէջ

Տիբերեան լճին վրայ` ծովերու եւ ալիքներու վարժ ձկնորս առաքեալները կը հանդիպին փոթորիկի մը որ զիրենք կը զգետնէ, իրենց ուժերէն վեր կը դասեն անոր դէմ պայքարիլը. Ուստի ճարահատ եւ ուղեկորոյս` կը դիմեն դարձեալ անոր որ իրենց առաջնորդն է, Քրիստոսի, իրենց վարդապետին։

Մեզմէ ամէն մէկը կը հանդիպի իր կեանքի ընթացքին զանազան դժուարու-թիւններու, մեծ թէ փոքր. Իսկ ոմանք ալ այնքան սաստիկ կ՛ըլլան որ մեզի անկարելի կը թուի անոնց յաղթահարելը. Ոչ ոք կրնայ պարծենալ թէ իր կեանքին մէջ երբեք չէ հանդիպած դժուարութիւններու։

Այս նեղութիւնները երբեմն մեզ կ՛անհանգստացնեն չափէն աւելի ու մեր հաւասա-րակշռութիւնը կորսնցնել կու տան, երբեմն կը կարծենք թէ մեզ անդունդի մէջ պիտի գլորեն ու անհետ պիտի կորսուինք. Ասոր համար պէտք ունինք ուժեղ եւ տեւական նեցուկի մը, որուն հանդէպ ունենալու ենք բացարձակ վստահութիւն, եթէ ոչ` առաջին զօրաւոր փոթորիկին` կրնանք տապալիլ։

Առաքեալները մեծ մասամբ արհեստավարժ ձկնորսներ էին. Անոնք գրեթէ ամէն օր նոյն լիճին մէջ կ՛աշխատէին եւ շատ մը փոթորիկներ տեսած մարդիկ էին. Եւ սակայն սաստիկ վախը կը պատէ զիրենք, յանկարծ կ՛անդրադառնան որ իրենց ուժերը անբաւարար են զիրենք փրկելու այս մեծ վտանգէն. Մինչ այդ Յիսուս կը քնանար նաւակին մէջ. Սկիզբը չեն ուզեր արթնցնել զինք, յուսալով որ կրնան միասին լուծել հարցը, սակայն երբ չեն յաջողիր, կը դիմեն Յիսուսի, չգիտնալով թէ ան ինչ պիտի կարենայ ընել բնութեան կատաղութեան դէմ։

Տէր, ահա կը կորսուինք... Քանի անգամներ ուղղած ենք մենք եւս այս յուսահա-տական կոչը. Քանի անգամներ գտնուած ենք անտանելի դժուարութիւններու առջեւ եւ, մենք եւս, չգտնելով ուրիշ ելք մը, խնդրած ենք միջամտութիւնը Տիրոջ. Բնական կոչ մըն է այս, մանաւանդ երբ մեր շուրջը ամէն ապահովութիւն փարատած է եւ կը գտնուինք մութ խաւարի մը մէջ, անել կացութեան մը առջեւ։

Յիսուս, այս դէպքով` կ՛ուզէ առաքեալներուն հասկցնել թէ ամենամեծ վարպետներն անգամ, լաւագոյն մասնագէտները գործի մը մէջ` կրնան հանդիպիլ անլոյծ դժուարու-թիւններու. Ուստի պէտք չէ որ ապաւինին լոկ իրենց ուժին ու գիտութեան, որովհետեւ կարգ մը պարագաներու մէջ` իրենք եւս անկարող կը դառնան։

Ահա հոս է որ Տէրը կը սպասէ մեզի որպէսզի միջամտէ մեր կեանքին մէջ եւ տայ մեզի իր օգնութիւնը, նեցուկ ըլլայ մեզի եւ քաջալերէ զմեզ. Երբ ես հոս եմ, ձեր մէջ, ինչու՞ կը վախնաք։ Իրմով մենք կը զօրանանք, իրմով վստահութիւն կը գտնենք մենք մեր վրայ եւ կը յաջողինք յաղթելու կեանքի դժուարութիւններուն։

Ուստի կը բաւէ լիովին վստահութիւն ունենալ Յիսուսի վրայ, իրեն յանձնելով մեր բոլոր դժուարութիւններուն լուծման գործը։ Այո, Յիսուս հրաշք գործեց, հանդար-տեցնելով ամեհի ծովը եւ խաղաղեցնելով կատաղի փոթորիկը. Քրիստոսի ամէն մէկ խօսքը շնորհք է եւ իր հրաշագործ ազդեցութիւնը ունի թէ մարդոց եւ թէ բնութեան տարրերուն վրայ։ Ուստի ապաւինինք իրեն եւ ապահով պիտի ըլլանք որ մեր դժուարին վայրկեաններուն` մեզ պիտի չլքէ ու մեզի միշտ նեցուկ պիտի հանդիսանայ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.