2017-08-26 10:04:00

Իր աւարտին հասաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» 2017 ծրագիրը


Օգոստոս 25-ին, ժամը` 18.00-ին, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի վերջին` ութերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ եւ հիւրեր:

Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:

«Արի տուն» ծրագիրի 8-րդ փուլին  մասնակցած են 67 պատանի 13 երկրէ` Ռուսատանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, ԱԷՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:

2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկրէ ժամանած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.