2017-08-25 09:34:00

ՏԱՀԵՇ կը սպառնայ նոր յարձակումներ գործել Սպանիոյ մէջ


ՏԱՀԵՇ-ի անդամները սպառնացած են Սպանիոյ մէջ ահաբեկչական նոր յարձակումներ գործել: Այս մասին կը հաղորդէ սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը:

Ըստ օրաթերթին, ՏԱՀԵՇ երէկ առաւօտեան համացանցի վրայ տարածած է սպաներէնով նոր տեսանիւթ մը, որուն մէջ կը սպառնայ նոր յարձակումներ գործել Սպանիոյ մէջ:

Նշենք, որ 17 օգոստոսին փոքր փոխադրակառք մը վրայերթի ենթարկած էր Պարսելոնայի Լաս Ռամպլաս փողոցին մէջ գտնուող բազմութիւնը: Այդ յարձակումէն ետք Պարսելոնայէն 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քամպրիլս քաղաքին մէջ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկած էր մարդիկ:

17 օգոստոսին քաթալոնական Ալքանար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էր պայթում մը, որուն պատճառով արձանագրուած էր զոհ մը եւ վիրաւոր մը: Ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ դէպքի վայրին մէջ պայթուցիկներ կը պատրաստէին:

Վերջին տուեալներով, ահաբեկչական յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած է 15 զոհ եւ աւելի քան 100 վիրաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.