2017-08-25 16:46:00

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ռուսիա առաքելական ճամբորդութեան հաշուեկշիռը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռուսիա կատարած առաքելութեան աւարտին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին` Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան հաղորդամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին հակիրճ հաշուեկշիռ մը ներկայացուց այդ կարեւոր առաքելութեան մասին զայն որակելով որպէս ''դրական եւ օգտակար'' յետագայ համագործակցութեան ուղիով։

''Այս ճամբորդութեան հաշուեկշիռը էականօրէն դրական է'' ըսաւ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը աւելցնելով թէ բոլոր հանդիպումները­, ըլլայ քաղաքական իշխանութիւններու` նախագահ Փութինի եւ Արտգործ նախարար Լաւրովի հետ, ըլլայ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու` Հիլարիոն Մետրոպոլիտին եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք` Կիւրեղ Ա-ի հետ, յատկանշուեցան փոխադարձ ունկնդրութեան, յարգանքի ու սիրալիր մթնոլորտով։ Կարող եմ շեշտել թէ անոնք հանդիսացան ''կառուցողական'' հանդիպումներ, ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը անդրադառնալով ապա Կաթողիկէ համայնքներու հետ ունեցած հանդիպումներուն որոնց միջոցաւ աւելի մօտէն ճանչցաւ անոնց ապրած իրողութիւնները, անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը ու անոնց դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները։

Անդրադառնալով Կիւրեղ Ա-ի հետ ունեցած հանդիպումի մասին Կարդինալ Փարոլին մատնանշեց թէ զրոյցներու առանցքը կազմեց ստեղծուած ''նոր մթնոլորտը'' ընդմէջ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ու Կաթողիկէ եկեղեցիներու, որոնք  - ըսաւ Պետական Քարտուղարը - իրենց յատկանշական պահը ունեցան Լա Հապանայի մէջ` Կիւրեղ Պատրիարքին ու Քահանայապետին միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումով, որուն ապա այս տարի յաջորդեց Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներու փոխադրումը Պարիէն դէպի Մոսկուա եւ Սան Փիեթրոպուրկ ուր արժանացան հաւատացեալներու ջերմեռանդական մեծարանքին։

Ծիրանաւորը ապա անդրադարձաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի նիւթերուն որոնց շարքին նշեց` Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապները, Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը, Վենեզուելլայի իրավիճակը, այս առընչութեամբ յայտնելով թէ Ռուսիան` միջազգային հասարակութեան ներքոյ մեծ դեր մը ունի խաղալիք, ինչ որ  ապա կ՛ենթադրէ մեծ ու յատուկ պատասխանատուութիւն` խաղաղութեան կառուցման համար։ 

Խօսելով Ուկրանիոյ տագնապի մասին Վատիկանի պետքարտուղարը յայտնեց թէ մասնաւոր նորութիւններ չկան թէեւ Ուկրանիական հարցը է ու կը մնայ Սուրբ Աթոռը մտահոգող հարցերէն մին, յատկապէս մարդկայնական գետնի վրայ։

Ի վերջոյ կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ 21 օգոստոսին իր նախագահութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագին ու այդ արարողութեան հաւատացեալներու մեծաթիւ մասնակցութեան, ''որոնք զիս մեծապէս տպաւորեցին'' ըսաւ Ան ու աւելցուց ''Կարծեմ թէ եկած էին իրենց մօտիկութիւնն ու  նուիրումը արտայայտելու Սրբազան Քահանայապետին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.