2017-08-25 09:40:00

Լեհաստան. ''Եասնա Կորա'' Սրբավայրի Չեսթեքովայի Աստուածամօր ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 26 օգոստոսին կը նշուի Լեհաստանի Չեսթոքովա քաղաքի ''Եասնա Կորա'' Սրբավայրի մէջ գտնուող Չեսթոքովայի Տիրամօր ծիսական տօնը որ այս տարի կը նշէ նաեւ Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերին թագադրութեան 300-րդ ամեակը, (որ տեղի ունեցած էր 8 սեպտեմբեր 1717-ին)։ Այս ծիսական կարեւոր տօնին առթիւ Եասնա Կորա Սրբավայրին մէջ 26 օգոստոսի առաւօտեան 11-ին տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լեհաստանի Եպիսկոպոսական համահաւք դասի անդամները ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող պատուիրակութեան անդամներ։

Նշենք թէ Չեսթեքովայի Տիրամօր Եասնա Կորա սրբավայրը նկատուած է Տիրամօր նուիրուած Լեհաստանի  ամենէն կարեւորն ու հռչակաւորը, ուր ամէն տարի` անթիւ ու անհամար  ուխտաւորներ կը փութան, հայցելու համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ 

ԺԴ դարէն սկսեալ սրբավայրը դարձած է  պաշտամունքի եւ մեծարանքի վայր։

Սրբավայրին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետ, 4 յունիս 1979-ին­ Տիրամօր հովանիին յանձնեց իր Քահանայապետութիւնը, ապա 1997-ին, լեհաստանին տուած առաքելական այցելութեան ընթացքին Տիրամօր Սրբավայրը սահմանեց որպէս ազգային սրբավայր։

Աւանդութեան համաձայն կը պատմուի թէ Աստուածամօր սրբապատկերը գործն է Սուրբ Ղուկաս առաքեալին։Ան, Տիրամօր ժամանակակից ըլլալով գծած է Տիրամօր հարազատ դիմագիծը։

Արժանի է նշել թէ Տիրամօր սրբապատկերին վրայ զետեղուած Թագը  նուէրն է Սուրբ ՅՊԲ Պապին` որ 1 ապրիլ 2005-ին՝ իր մահուընէ մէկ օր առաջ նուիրեց Սրբավայրին։

Սրբապատկերին կից գտնուող մատրան մէջ կը գտնուի Պօղոս Զ Պապի կողմէ  նուիրուած  ոսկեծոց վարդարան մը։ Յիշենք թէ Մոնթինի քահանայապետը շատ կը փափաքէր 1966-ին մասնակցիլ Լեհաստանի քրիստոնէութեան 1000 ամեակի նշման արարողութիւններուն, սակայն, համայնավար պետութիւնը արգելք հանդիսացաւ Անոր։

2004-ին, Տիրամօր Սրբավայրը փոխադրուեցաւ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արիւնոտ գօտին, զոր իր վրայ կրած էր Իրեն դէմ գործուած ահաբեկչութեան օրը` 13 մայիս 1981-ին։

Զեսթոքովայի Տիրամօր թագադրութեան 300 ամեակին առթիւ անցեալ 8 սեպտեմբեր 2016-ին հռչակուած էր Յոբելենական տարի որուն եզրափակումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ Ռիլքոյի նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.