2017-08-25 07:37:00

2018-ին ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքներ։


«Ռատիօ Վատիկան» Ընտանիքներու համաշխարհային յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ւրանտայի՝ Տուպլին քաղաքին մէջ՝ 22-էն 26 օգոստոս 2018-ին։

Տուպլինի թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Տրարմուն Մարդթի անցեալ երկուշաբթի օր, Տուպլինի Տիրամօր մայր տաճարին մէջ ներկայացուց վերոյիշեալ հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներու յայտագիրը։ 

Նշենք, թէ ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 1994-ին։

2018ին՝ Տուպլինի մէջ  կայանալիք ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումի ընդհանուր Քարտուղար՝ Հայր Թիմոթի Պարլեց, Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ սոյն հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, որուն ընթացքին յայտնեց թէ այդ աշխատանքները կ՝ընթանան դրական կերպով եւ  որուն իրենց մասնակցութիւնը  կը բերեն  Ւրլանտայի  56 թեմերու ներկայացուցիչներ, զանազան ընտանիքներ  եւ Ւրլանտայի կարգ մը եպիսկոպոսներ։

Հայր Թիմոթի տեղեկացուց նաեւ թէ ընտանիքներու  միջազգային հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ ''www.worldmeeting2018.ie'', կայքէջին միջոցաւ նշելով, թէ ընտանիքներու հանդիպումի բոլոր նիւթերը քաղուած  են  Ֆրանչիսկոս Պապին «Սիրոյ ուրախութիւն» շրջաբերականէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.