2017-08-24 09:57:00

Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս


Հայաստանի մէջ Քրիստոսի աւետարանին քարոզութիւնը առաջին անգամ մուտք գործեց Ս. Թադէոս առաքեալի միջոցաւ: Աստուածաշունչին մէջ ան նաեւ կը կոչուի Ղեբէոս եւ Յուդա: Յիսուսի Համբարձումէն ետք Ս. Թադէոս եկաւ Եդեսիա եւ ծանր հիւանդութենէն բժշկեց Աբգար թագաւորը: Ան մեր երկիրը բերաւ նաեւ Ս. Գեղարդը որ գործածուած էր Յիսուսի կողը խոցելու խաչափայտին վրայ:
      Աբգարի նամակով Ս. Թադէոս եկաւ Արտազ գաւառը՝ Սանատրուկ թագաւորին մօտ եւ դարձի բերաւ թագաւորն ու Սանդուխտ կոյսը: Սակայն, Աբգարի մահէն ետք Սանատրուկ ուրացաւ իր հաւատքը եւ ծանր հալածանքներ սկսաւ քրիստոնեաներուն դէմ: Նախ նահատակուեցաւ թագաւորին դուստրը, ապա նաեւ Ս. Թադէոս առաքեալը 46 թուին: Ս. Թադէի վանքը ներկայիս կը գտնուի Իրանի մէջ:
      Բարթողոմէոս Առաքեալ կը կոչուի նաեւ Նաթանայէլ: Ան Հնդկաստանէն վերադարձին Գողթան գաւառէն սկսաւ իր քարոզութիւնը Հայաստանի մէջ: Ըստ աւանդութեան, ան Հայաստան բերաւ Տիրամօր սրբապատկերը եւ Անահիտ դիցուհիի մեհեանին տեղ կառուցեց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ կուսանոց: Ըստ աւանդութեան Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալները իրարու կը հանդիպին Արտաշատի կամուրջին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.