2017-08-23 12:45:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ինչպէ՞ս Կ’ուզես Նուիրուիլ Աստուծոյ

Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ նուիրուիլ, ինչպէ՞ս է այդ գործընթացը եւ մանաւանդ նուիրումէն ետք ի՞նչ պէտք է ընել եւ ի՞նչ չընել: Աստուծոյ նուիրուիլ կը նշանակէ նաեւ նուիրուիլ ուրիշին՝ մերձաւորին համար ու մտածել եւ գործել անոր բարիքին համար։ Այս տիպի «նուիրումներուն» այլոց կողմէ իմացումը եւ գնահատանքը կու գայ կնիքը դնելու ՜՜Աստուծոյ իր անձը նուիրաբերողին ինքնագոհացման ձեւական արարքին՝՝:

Աստուծոյ նուիրաբերման այս խորագիրը շա՜տ ընդարձակ է: Կարելի է ըսել, որ իւրաքանչիւր անձ իր համոզումները կրնայ ունենալ այդ մասին եւ իր ըմբռնած ձեւով ինքզինք նուիրաբերել Աստուծոյ: Սակայն, մեր անձը Աստուծոյ ընծայելու հասարակաց պարտաւորութեան մը դիմաց կը գտնուինք ամէնքս, իբրեւ Իր կողմէ ստեղծուած էակներ:

Ասիկա ինքնագիտակցութեան կոչ մըն է, իւրաքանչիւր մարդու ուղղուած, անդրադառնալու՝ իր ո՞վ եւ ի՞նչ ըլլալուն: Եթէ մարդ ես, նիւթեղէն ու հողեղէն գոյութիւն մը, որոշ պարտաւորութեան դիմաց կը կանգնիս, հանդէպ Անոր, որ այդ գոյութիւնը պարգեւեց քեզի:

Առաջին աստիճանի այս նուիրաբերումը ամէնէն բնական մղումով կը կատարուի:

Աստուծոյ ընծայաբերումի հնագոյն օրինակներուն կը հանդիպինք հեթանոսութեան ծիսակարգին մէջ, ուր մարդկային զոհաբերումներու ահաւոր ու աղիողորմ տեսարաններ կը պարզուէին:

Օրինակ՝ անդրանիկ զաւակներու զոհաբերում, տօնական կամ յաղթանակի առիթներով չաստուածներուն մարդկային զոհեր մատուցելու վայրագ արարողութիւններ, որոնք ցասում ու սարսուռ կը պատճառեն նոյնիսկ դարեր ետք զանոնք կարդացողներուս:

Քաղաքակրթութեան հետ զարգացաւ նաեւ անձը Աստուծոյ նուիրելու գաղափարը, մարդկային զոհէն անցնելով կենդանականին ու նիւթականին: Նոյնիսկ իրենց նորածին երեխաները տաճարին ընծայելու սովորութեան պահպանումը արգելք չեղաւ, որ անոր փոխարէն կենդանական կամ նիւթական զոհաբերում մը կատարուի ծնողքին կողմէ:

Իսկ քրիստոնէական դարաշրջանին, եկեղեցին ամբողջութեամբ կարգաւորեց այս հարցը եւ մոմավառութեան գեղեցիկ սովորութեամբ փոխարինեց զոհի մատուցման գաղափարը, Աստուծոյ Տունը վաճառատան մը, մսավաճառի խանութի կամ գարշահոտ մարդակիզումներու սարսափազդու տպաւորութենէն վերջնականապէս դուրս բերելով:

Նուիրական այս նպատակը՝ Աստուծոյ ընծայուելու գաղափարը, ոմանք «դարձի» մը հետ կ’առնչեն: Ցնցիչ դէպք մը, արկածէ մը վերապրում, կամ՝ տեսիլքի մը յայտնութիւն, երբեմն պատճառ կը դառնան կարգ մը անձերու, իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրելուն: Սա վիճակի մը, ազդեցութեան մը ենթակայ ընծայում է, եթէ կարելի է այդպիսով բացատրել սոյն ինքնընծայումը: Այսինքն՝ եթէ չըլլար այդ դէպքը, կամ չպատահէր պատահածը, անձը բնաւ պիտի չմտածէր ինքզինք Աստուծոյ ընծայելու մասին: Ոմանք չեն վարանիր իրենց այս դարձին մասին պատմելու ամէնուն:

Շատեր նախակարապետ Ս. Յովհաննէսի խօսքը, որ է՝  «Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք, որ ապաշխարած էք» ի գործ կը դնեն, ու կը դիմեն  ճգնողական կեանքի։  Պատահած է, որ ընտանիքի տէր անձ մը նման շփոթի մէջ իյնայ, պատճառ ըլլալով իր սեփական ընտանիքին քայքայման:

Եկեղեցին Սուրբ գիրքի մեկնաբանութեան յատուկ օրէնքով ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ նուիրուելու արտաքին կերպերն ու եղանակները այնքան ալ կարեւոր չեն, որքան ներքին՝ մարդկային սիրտին ու հոգիին նուիրաբերումը Աստուծոյ. փոխանակ ճգնաւորական դրութեան, Եկեղեցին նաեւ ընդունեց, Աստուծոյ «պաշտօնեայ» կամ «սպասաւոր» դառնալու կամաւոր ընծայումով կատարուած անձի նուիրաբերումը Աստուծոյ: Եկեղեցւոյ սպասաւոր դառնալու ինքնընծայումին մէջ, ան տեսաւ նաեւ անձի ընծայաբերում մը, որուն հիմնական նպատակն է Եկեղեցւոյ Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի առաքելութեան շարունակումը այս աշխարհի վրայ: Առաքեալներու գործերը ներկայացնող գիրքը Նոր Կտակարանին մէջ ձեռնադրութեամբ փոխանցուող այդ յաջորդականութեան մասին օրինակներ կու տայ (հմմտ. Գրծ. 6.6.): Այս իմաստով ահա, Եկեղեցին չի՛ հանդուրժեր, որ ինքնակոչ անձեր,կամ օրինակ ՜՜ աղանդներ՝՝  իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրելու մանկապատանեկան իրենց երազները իրականացնելու տենչով, ընդօրինակեն Աստուծոյ օծեալ պաշտօնեային պարտականութիւնը։

Եկեղեցին ի՛նք է Աստուծոյ հնազանդութիւն ուսուցանելու բարձրագոյն վարժարանը, աղօթանուէր կեանքի իսկական երդիքը եւ կարօտեալին օգտակար հանդիսանալու ծառայական կեանքի օրինակելի օրինակը: Անձը Աստուծոյ նուիրաբերելու գիտակցութիւնը կը մղէ իրագործելու այս երեքը՝ Աստուծոյ, մեր անձին ու մեր շրջապատին ի նպաստ ապրող ու գործող տարր մը դարձնելով մեզ:

Դո՛ւն ինչպէս կ’ուզես նուիրուիլ Աստուծոյ: Ընտրէ՛ ճամբադ, սակայն նայէ՛, որ օրինաւոր ըլլայ այն, Աւետարանի սկզբունքներն ու եկեղեցւոյ աւանդութիւնները յարգելով, որովհետեւ անոնց ոտնակոխումը ջուր կը լեցնէ աղանդաւորական շարժումներու քանդիչ ջրաղացին:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.