2017-08-22 07:04:00

22 օգոստոսին սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը։


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրապարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու  Սիւնհոդոսը տեղի կ՛ունենայ 22 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2017-ին  Զմմառու Վանքին մէջ,  նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ բոլոր Հայ կաթողիկէ թեմերու Առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Միաբանութեանց մեծաւորներուն։

«Այս տարեկան Սիւնհոդոսին օրակարգը, բացի հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցերէն, պիտի ընդգրկէ նաեւ Միջին Արեւելքի համայն քրիստոնեաներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութեանց տագնապալի կացութիւնը, ասոր հետեւանքները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական գաղութներուն իրավիճակը եւ համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրներ» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աւարտին պիտի հրատարակուի յատուկ հաղորդագրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.