2017-08-22 14:21:00

Կարդինալ Փարոլին Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ։


«Ռատիօ Վատիկան» Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ժամանեց Մոսկուա։ Ծիրանաւորը Մոսկուայի մէջ առաջին հանդիպումը ունեցաւ Ռուսիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ, Ռուսիոյ Պատրիարքութեան «Տանիլովսի» վանքէն ներս։ 

Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին,Կարդինալ Փարոլին յայտնեց,  թէ հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։

Առիթ եղած է քննարկելու Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս  Սուրիան յուզող հարցեր, երկուստեք  համախոհ  են, որ  հակամարտութիւններու լուծման համար կարելի է դիմել լոկ՝ խաղաղ բանակցութեան։ 

Մետրոպոլիտ Հիլարիոն իր կարգին  երախտագիտութիւն յայտնած է,  Հաւանայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Կիւրեղ Պատրիարքին  միջեւ  հանդիպման  կազմակերպման  երկու եկեղեցիներուն ի գործ դրուած  ջանքերուն համար, մաղթելով որ սոյն հանդիպումը շարունակէ արդիւնաբեր դառնալ։

Միշտ 21 օգոստոսին,  յետմիջօրէին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը հանդիպեցաւ Ռուսիոյ  կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ , որմէ ետք երեկոյեան  Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան զանազան երկիրներու դիւանագէտներու ներկայացուցիչներ ինչպէս՝  լեհաստանի, Գերմանիոյ Զուիզերիոյ,  իրեն մասնակցութիւնը բերին նաեւ  Քրիստոնեայ եւ այլ դաւանանքներու  ներկայացուցիչներ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ  Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները ըսելով,  «Սրբազան հայրը իր սրտին մէջ կրէ Ռուսիոյ կաթողիկէ հասարակութիւնն ու համայն ժողովուրդը»։

Ապա  խօսքը առաւ  Մոսկուայի Աստուածամօր  թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի, որուն մէջ  Ան բարձր արժեւորելով  Կարդինալ Փաորիլինի  Մոսկուա այցելութիւնը նշեց, թէ ծիրանաւորին Ռուսիոյ մէջ ներկայութիւն համազօր է  Ֆրանչիսկոս Պապի  Ռուսիոյ մէջ ներկայութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ շնորհած սոյն պարգեւին համար, համարելով զայն որպէս  նշան հաւատացեալներուն իրենց հաւատքին, սիրոյ եւ յոյսի ամրապնդման։  

Նշենք, թէ  երեքշաբթի, 22 օգոստոսին, նախատեսուած է որ Կարդինալ Փարոլին հանդիպի  Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին հետ ՝ Պատրիարքարանին   ամարանոցին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.