2017-08-21 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Փերու կատարելիք առաքելական այցելութեան խորհրդանիշը։


«Ռատիօ Վատիկան» Փերուի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 18-էն 21 յունուար 2018-ին,  Փերու կատարելիք միջազգային առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշն ու նշանաբանը։

Խորհրդանիշը կազմուած է դեղին եւ կարմիր գոյներէ, որոնք կը յատկանշեն Վատիկանի  եւ Փերուի դրօշակներուն գոյները։ Հոն զետեղուած Է Նորին Սրբութեան պատկերը եւ երկու բազուկներ, որոնց վերեւ գրուած  է «Յոյսէն մղուած» նշանաբանը։

Փերուի եպիսկոպոսաց դասի յայտարարութեան համաձայն, յիշեալ խորհդանշին դիտաորութիւնն է  Ֆրանիչսկոս Պապի մօտիկութիւնը ցուցաբերել Փերուի ժողովուրդին նկատմամբ եւ անոնց հաւատքի ուղեւորութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետին աջակցութիւնը։

Նշենք, թէ երրորդ անգամն է, որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը կ՝այցելէ Փերու։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Փերու այցելած է երկու անգամ՝ 1985ին եւ 1988-ին։

30 տարի ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Փերու, խնդրելով Փերուի  եկեղեցիէն «միսիոնարական վերածնունդ», ամրապնդելու համար Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հետ կապերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.