2017-08-21 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Իւրաքանչիւր պանդուխտ որ մեր դուռը կը բախէ՝ առիթ մըն է Յիսուսի հանդիպելու»


«Ռատիօ Վատիկան» Երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, գաղթականներու եւ ապաստանեալներու միջազգային օրուան առիթով յղած պատգամը։   Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ կը նշէ թէ իր հայրապետութեան առաջին տարիներուն միշտ յատուկ մտահոգութիւն ցուցաբերած է գաղթականներու եւ փախստականներու հանդէպ, որոնք խոյս կու տան պատերազմներէ, հալածանքներէ, բնական աղէտներէ եւ աղքատութենէ։ Իւրաքանչիւր պանդուխտ որ մեր դուռը կը բախէ՝ առիթ մըն է Յիսուս Քրիստոսի հանդիպելու, որ ինքզինք կը նոյնացնէ ընկալուած կամ մերժուած օտարականին հետ (հմմտ. Մտթ ԻԵ.  35.43)։ Տէրը, Եկեղեցւոյ մայրական սիրոյն կը վստահի իւրաքանչիւր մարդկային էակ։ Հետեւաբար Եկեղեցին պէտք է ընկերանայ գաղթականներուն՝ անոնց մեկնումէն մինչեւ ժամանում եւ կամ վերադարձ։ Սա մեծ պատասխանատուութիւն է, զոր եկեղեցին կ'ուզէ բաժնել բոլոր հաւատացեալներուն հետ։ Մեր հասարակաց պատասխանը կարելի է արտայայտել չորս բայերով՝ հիմնուած Եկեղեցւոյ վարդապետութեան վրայ – ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ներգրաւել։

Ապա Սրբազան Հայրը մանրամասնօրէն կը մեկնաբանէ այս չորս արարքները, առաջարկելով շօշափելի քայլեր եւ մաղթելով, որ նաեւ երկիրներ որդեգրեն որոշ գործնական լուծումներ, ուր գաղթականներուն եւ փախստականներուն մատուցուին յարմար պայմաններ եւ ծրագրուած աշխատանք կատարուի տեղադրութեան նկատմամբ։ Ֆրաչնսիսկոս Պապ կը յիշեցնէ իր նախորդին, Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր քահանայապետի շեշտած սկզբունքը՝ թէ մարդկային անձը ունի կենդրոնական տեղ։ Հետեւաբար, կը շեշտէ ան, պէտք է նախընտրել անհատի ապահովութիւնը՝ ազգային պատկանելիութենէն։ Այս սկզբունքին համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ կ'առաջարկէ սահմանային այնպիսի լուծումներ գտնել, ուր յարգուի անհատը։

Հարկաւոր է պաշտպանել գաղթականներ եւ փախստականներ, յարգելով  անոնց իրաւունքները եւ  արժանապատուութիւնը։ Ասոր համար, Սրբազան Հայրը կը մաղթէ, որ գաղթականները վայելելով այդ յարգանքը՝ ունենան հիւրընկալող երկրին մէջ շարժելու ազատութիւնը, աշխատանքի կարելիութիւնը եւ հաղորդակցութեան միջոցներու մատչելիութիւն։ Հարկաւոր է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անչափահաս անհատներու, որոնք զուրկ են չափահասի մը ընկերակցութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով գաղթականներու եւ փախստականներու խթանումին եւ յառաջդիմութեան վրայ, կը նկատէ թէ, պէտք է անոնց ստեղծուին այնպիսի առիթներ, ուր անոնք զգան իբր անհատներ, որոնք կը կազմեն մարդկութիւնը՝ ըստ Արարիչի կամքին։ Այս առընչութեամբ կարեւոր է նկատի առնել կրօնական համոզումները՝ տալով կրօնքը դաւանելու եւ ապրելու  ազատութիւնը. նկատի առնել անհատներու կարողութիւնները, նաեւ աշխատանքի հայթայթումով. եւ պահպանել ընտանիքի ամբողջականութիւնը։

Գաղթականներու եւ փախստականներու ներգրաւումը ընկերութենէն ներս, Սրբազան Պապի պատգամին չորրորդ կէտն է, ուր ան կը նշէ, թէ գաղթականներու եւ փախստականներու ներկայութինը կը նպաստէ միջ-մշակութային հարստացումին։ Ան կը նկատէ, թէ ներգրաւելը ձուլում չէ, որովհետեւ ձուլումը կ'առաջնորդէ մշակութային ինքնութեան մոռացման։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը յիշեցնէ թէ համաձայն հովուական աւանդութեան, Եկեղեցին տրամադիր է իրականացնել յիշեալ առաջարկները։ Սակայն, կը նկատէ ան, հասնելու համար յուսացուած արդիւնքներուն անհրաժեշտ է քաղաքական հասարակութեան եւ քաղաքային ընկերութեան ներդրումը՝ իւրաքանչիւրն ըստ սեփական պատասխանատուութեան։

Սրբազան Պապը կը փակէ իր պատգամը, ըսելով՝ « Այսօր,  15 օգոստոսին, կը կատարենք Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աստուածամայրը իր անձին վրայ զգաց գաղթականութեան խստութիւնը (հմմտ Մտթ Բ. 13-15), ան սիրալիր կերպով ընկերացաւ իր որդւոյն մինչեւ Գողգոթա եւ այժմ կը բաժնեկցի Անոր փառքին։ Անոր մայրական բարեխօսութեան վստահինք աշխարհի բոլոր գաղթականներու եւ փախստականներու յոյսերը, եւ զանոնք ընկալով համայնքներուն իղձերը, որպէսզի համաձայն աստուածային գերագոյն պատուիրանին՝ բոլորս սորվինք սիրել ուրիշը, օտարականը՝ այնպէս ինչպէս մենք մեզ կը սիրենք։»








All the contents on this site are copyrighted ©.