2017-08-20 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը «Թող Աստուած աշխարհը ազատագրէ անմարդկային բռնութենէն»։


«Ռատիօ Վատիկան» Կիրակի, 20 օգոստոս, 2017-ինՙ կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի Առաքելական պալատի  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց  կիրակնօրեայ Մարեմեան  «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը եւ այս առթիւ ներկայացուց  խորհրդածութիւն մը, քաղուած  օրուան Աւետարանէն, ուր կը խօսուի կանանացի կնոջ մասին, որ Յիսուսին կը պաղատէր դիւահար  աղջիկը բուժել։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքը կեդրոնացնելով կանանացի կնոջ ներքին ուժին վրայ, որ «թոյլ կու տայ շրջանցել ամէն խոչընդոտ» եւ որուն ակնաղբիւրը փնտռելու ենք անոր իր աղջկան հանդէպ ունեցած սէրին մէջ ինչպէս նաեւ  Յիսուսի հանդէպ անոր ունեցած յոյսին մէջ շեշտեց, թէ «սէրն է, որ հաւատքը շարժումի մէջ կը դնէ  եւ հաւատքը իր կարգին  սիրոյ յաղթանակը կը դառնայ։  

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց թէ ինչպէս Յիսուս հմայուած  հեթանոս Կնոջ հաւատքէն անոր ըսաւ «ով կին մեծ է քու հաւատքը եւ թող իրականանայ այն ինչ որ փափաքեցար»։

Կանանացի կնոջ Յիսուսի հանդէպ ունեցած զօրաւոր հաւատքը Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց, որպէս  խթան չյուսալքուելու կեանքի դժուար պահերուն, աւելցնելով թէ Տէրը չանտեսեր մեր կարիքները նոյնիսկ եթէ երբեմն մեզ կը թուի թէ Ան անտարբեր է մեր խնդրանքներուն առջեւ։ Յիսուս երբեմն մեզի փորձի կ՛ենթարկէ  մեր հաւատքը զօրացնելու համար. աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշելով, որ Աւետարանին այս հատուածը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ամէնքս կարիքը ունինք հաւատքի մէջ աճելու եւ զօրացնելու մեր յոյսը Յիսուսի նկատմամբ։ Ան մեզ կ՛օգնէ գտնելու ուղին, այն պարագային երբ կորսնցուցած կ՛ըլլանք կողմնացոյցը. այն պարագային երբ մեր ճանապարհը անհարթ ու ծանր կը թուի։

Սրբազան Հայրը  խորհրդածութիւնը աւարտեց խնդրելով, որ ապաւինինք Սուրբ Հոգիին, որպէսզի Ան մեզ օգնէ յարատեւելու մեր հաւատքին մէջ։ Սուրբ Հոգին, մեր կեանքին  եւ մեր քրիստոնէական կեանքին համոզումի ուժ  կը  շնորհ եւ մեզ կը քաջալերէ յաղթահարելու Աստուծոյ հանդէպ անհաւատարմութիւնը եւ մեր եղբայրներու հանդէպ անտարբերութիւնը»։

Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը անդրադարձաւ վերջերս Եւրոպայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումներուն` ըսելով. «Մեր սրտերուն մէջ կը կրենք ահաբեկչական արարքներուն վիշտը, որոնք զոհեր պատճառեցին Պուրքինա Ֆազոյի, Սպանիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ։ Աղօթենք մեռեալներուն, վիրաւորներուն ու  անոնց ընտանիքներուն համար եւ Տիրոջմէ` Ողորմութեան եւ խաղաղութեան Աստուծմէ խնդրենք, որ աշխարհը ազատագրէ սոյն անմարդկային բռնութենէն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.