2017-08-19 14:09:00

Կարդինալ Փարոլին Մոսկուա. «համերաշխութեան եւ երկխօսութեան այցելութիւնը»


«Ռատիօ Վատիկան» 21-էն 24 օգոստոս 2017-ին,Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին կ՝այցելէ Մոսկուա։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տուեալներուն համաձայն, ծիրանաւորը Մուսկուայի մէջ պիտի հանդիպի  երկրի քաղաքական եւ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ,  ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ կաթողիկէ հասարակութեան պիտի ցուցաբերէ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգեւոր մօտիկութիւնը։  

Կարդինալ Փարոլին, Ռուսիոյ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկէ  միջազգային հրատապ հարցեր, Միջին արեւելքի  եւ Սուրիոյ կացութիւնը։  

Ան Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի երկրի  կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, Ռուսիոյ  դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի  եւ  արտաքին գործոց նախարար՝ Լաւրովին հետ։   

Եկեղեցական գետնի վրայ Կարդինալ Փարոլին հանդիպում պիտի ունենայ  Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին եւ Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ։ 

Մուսկուայի մէջ Պապական Նուիրակը՝ գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէ, անդրադառնալով Կարդինալ Փարոլինի Մոսկուա այցելութեան, մաղթանք յայտնեց, որ ծիրանաւորին Մոսկուա այցելութիւնը դիւրացնէ Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութեան ուղին, եւ նպաստէ Միջազգային անթիւ հարցերու լուծման։  








All the contents on this site are copyrighted ©.