2017-08-18 10:52:00

Վանականութիւն «ԽԳ»


Վանականը կամ կրօնաւորը կʼապրի խստամբեր կեանք մը՝ աղօթքով, ապաշխարանքով եւ պահեցողութեամբ։ Նախ քան որ անդրադառնանք վանականներու եւ կրօնաւորներու պահեցողական կեանքին, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի հետ ակնարկ մը տանք, թէ ինչ է պահեցողութիւնը եւ թէ ինչու´ պահք կը բռնենք։

Գրիգոր Տաթեւացի, Ձմեռան Հատոր խորագրուած իր գրքին մէջ կը մեկնաբանէ Յիսուսի փորձութիւններուն պատմութիւնը, որ գրուած է Մատթէոս Աւետարանիչի մօտ (Մտթ Դ. 2)։ Ան նախ կը բացայայտէ մեղքի էութիւնը, թէ ինչպէս կը յառաջանայ մեղքի ընթացքը՝ սկսեալ փորձութենէն մինչեւ մեղանչում եւ ապա ինքնարդարացումի փորձ, որ մաս կը կազմէ մեղքին։ Իբր օրինակ Ս. Գրիգոր Տաթեւացի կը յիշէ Ադամը, որ մեղանչելէն ետք ինքզինք կʼուզէր արդարացնել, յանցաւոր նկատելով կինը։ Սակայն մեղաւորը միշտ պատասխանատու է իր արարքին համար եւ պէտք է հատուցում կատարէ։ Տաթեւացի կը գրէ՝ «Այսպէս, ամէն ոք հատուցման վճիռ պիտի ունենայ. թէեւ աշխարհականը քահանան պատճառ կը բռնէ, քահանան՝ եպիսկոպոսը, եպիսկոպոսը՝ կաթողիկոսը. Սակայն իւրաքանչիւրը իր հատուցումը պիտի առնէ անաչառ դատաւորէն։»

Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ «Պահքը կրնայ բոլոր փորձութիւնները մարել։ Այս կը վարդապեպտէ Քրիստոս, սորվեցնելով կրկին խօսքով։ Նախ, կʼըսէ՝ ʼայս չարը ուրիշ ոչ մէկ բանով կʼելլէ, բայց եթէ պահքով եւ աղօթքով։ Եւ երկրորդ խօսքը, որ կʼըսէ՝ ʼկարելի չէ որոգայթէն ազատիլ, եթէ ոչ պահքով եւ աղօթքով։ʼ Ուրեմն մեզի հարկաւոր է պահք բռնել, որպէսզի յաղթենք փորձիչին, ինչպէս պահեց Քրիստոս։ Ոչ թէ որովհետեւ Ան կարօտ էր պահքի օգնութեան, այլ որպէսզի մեզի յայտնէ, թէ մարմնին անհնար է առանց պահքի յաղթել փորձիչին հեշտութեան։ Բայց պէտք է նկատի առնել, թէ բազմաթիւ եւ զանազան են պահքի տեսակները. եւ թէ ո´րն է ասոնցմէ այն, որ կը հալածէ դեւերը անոնց փորձութեամբ հանդերձ։ Պահքի տեսակները եօթ են։ Նախ՝ աղքատութեան պատճառով, ուր մարդ ուտելու կամքն ունի, սակայն չունի ուտելու բան։ Երկրորդ՝ ստամոքսի հիւանդութեան պատճառով, որ չի կրնար ուտել եւ կազդուրման ծոմ կը բռնէ, որպէսզի մի գուցէ յաճախ ուտելով զօրանայ հիւանդութիւնը։ Երրորդ՝ կը պահեն փառասէրները, եւ երկու մեղք կը գործեն. մին՝ որ այդպիսի պահքով թշնամի սատանան կը յագեցնեն եւ երկրորդ՝ ինքզինք չարչարելով ոչ թէ վարձք կʼընդունին, այլ կը պատժուին։ Չորրորդ՝ կը պահեն կեղծաւորները՝ կարթ նետելով. որպէսզի այսպիսի առաքինութեան պատճառով հերձուած մուծանեն եկեղեցւոյ մէջ, եւ կʼուզեն ինչքեր ստանալ։ Հինգերորդ՝ կը պահեն ագահութեան պատճառով. զորոնք Սողոմոն կը մեղադրէ, թէ՝ ʼԱստուած ինչքեր եւ ստացուածքներ տուաւ, եւ ոչ թէ զանոնք տէր եւ իշխան կարգեց մարդու վրայʼ։ Վեցերորդ՝ ոմանք կը պահեն, որպէսզի ստամոքսը պատրաստեն աւելի ուտելու։ Եօթներորդ՝ կը պահեն հաւատացեալները եւ Քրիստոսի հետեւողները՝ Անոր սիրոյն համար։»

Ամարան Հատորին մէջ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ «Պահքի մասին երեք բան յայտնի է։ Նախ պահքի զանազանութիւնը, երկրորդ՝ պահքի սրբութիւնը, երրորդ՝ պահքի օգուտը։ Արդ, առաջինի նկատմամբ պէտք է գիտնալ, թէ անընդունելի պահքերը բազմաթիւ են։ Առաջին պահքը, որ բռնաւորի հարկադրութեամբ կʼըլլայ, ընդունելի չէ, եւ չի վարձատրուիր, ինչպէս դատապարտեալները դժողքի մէջ միշտ պահք կը բռնեն, սակայն չեն ապաշխարեր, որովհետեւ անոնց պահքը վարձատրութիւն չունի, որովհետեւ կամաւոր չէ։ Երկրորդ՝ եթէ մէկը մարմնական տկարութեան պատճառով կը պահէ՝ ոչ կʼուտէ եւ ոչ կը խմէ, դա ապաշխարութիւն չէ. եւ ան ալ վարձատրութիւն չունի, որովեհետեւ բնութեան ստիպումով է, ինչպէս օրինակ բնութեան մէջ, ուր հուրը ջերուցանելուն համար վարձատրութին չունի, եւ ոչ ալ արեգակը որ կը լուսաւորէ, եւ ուրիշ ոչ մէկ բան, որ ի բնութենէ կը գործէ։ Որովհետեւ բնական դրդումներու համար ոչ գովասանք կʼընդունինք, եւ ոչ պարսաւանք։»

Վերջապէս Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ «Պէտք է գիտնալ, կʼըսէ ան, որ թէպէտ պահքի օգուտը շատ է, որ կարգեցին մարգարէները եւ առաքեալները եւ եկեղեցւոյ հայրապետները, սակայն գլխաւոր պատճառը եռեակ է։ Նախ՝ ցաւերու բժշկութեան համար. երկրորդ՝ թշնամիին յաղթելու համար. եւ երրորդ՝ միտքը վերացնելու համար։»








All the contents on this site are copyrighted ©.