2017-08-18 10:43:00

«Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներու ճաշասրահ» բարեսիրական հաստատութիւն՝ Փարկաուայի մէջ


«Ռատիօ Վատիկան» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, 2015 տարւոյն Փարակուայ տուած այցելութենէն ետք, 2016ի օգոստոս 8ին,  հիմնուած է բարեսիրական հաստատութիւն մը, որուն նպատակն է կերակրել մանուկներ, որոնց ծնողները կը պայքարին իրենց զաւակներուն սնունդ հասցնելու համար։
«Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներու ճաշասրահ»ը հիմնուած է Փարակուայի Վիլլարիքա Սուրբ Հոգի Թեմի, Վարդարանի Տիրամայր ժողովրդապետութեան մէջ։
Առաջին տարւոյն ընթացքին, հաստատութիւնը արդէն կը կերակրէ 100ի չափ մանուկներ, որոնց ծնողները կ'աշխատին  կէս դրոյքով։
Ժողովրդապետ, Հայր Քլաուտիօ Ֆիկուերետօ ըսած է՝ «Երկու տարի առաջ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը բազմաթիւ մարդոց համար շատ յուզիչ էր։ Նկատի առնելով Պապին մօտիկութիւնը մարդկանց հետ՝ որոշեցինք անոր անունը տալ ճաշասրահին։»
Հայր Քլաուտիօ պատմած է, թէ զերոյէն սկսած են ծրագիրը. «Տուն մը ունէինք, ըսած է ան, սակայն ոչ սաներ, ոչ ամաններ եւ ոչ ալ սպասներ։ Ամէն ինչ փոխ առնուած էր։ Նախ սկսանք մէկ վառարանով, եւ առաջին օրը հինգ մանուկներ եկան։ Շատ ճաշ աւելցաւ։ Սակայն երկրորդ օրն արդէն 30 մանուկներ եկան։ Այդ օրէն ի վեր մնայուն կերպով ունինք 60էն 90 մանուկներ։»
Հաստատութիւնը նախ սկսած էր շաբթական մէկ անգամ ճաշ եւ երկու անգամ թեթեւ կերակուր տալ։ Սակայն այսօր արդէն ամէն օր կը հրամցուի ամբողջական ճաշ մը ինչպէս նաեւ թեթեւ կերակուր մը։ Հաստատութեան աշխատողները նաեւ հոգ կը տանին մանուկներուն, մինչ անոնց ծնողները կ'աշխատին։
Ֆրանչիսկոս Պապ Ճաշասրահը կը պահուի հաւատացեալներու նուիրատուութիւններով եւ Փարակուէյի պետութեան Ընկերային Գործունէութեան Քարտուղարութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ։
Հ. Քլաուտիօ ըսած է, թէ արդէն կը մտածեն երեխաներու համար ձեռային աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու ծրագրի մը մասին, ուր մանուկները պիտի կարենան իրենց ձիրքերը զարգացնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.