2017-08-17 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնը՝ Սիերա Լէոնէի բնակչութեան


«Ռատիօ Վատիկան» Սիերա Լէոնէի մէջ տեղի ունեցած ողողումին ի լուր, որ պատճառած  է աւելի քան 400 զոհ, եւ 600 հոգիներու վիճակը թողած է անյայտ, չորեքշաբթի, 16 օգոստոսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրիթաունի թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Շարլ Էտվարտ Թամպային, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետին  խորին մտահոգութիւնը յայտնեց Սիերա Լէոնիէ մէջ պատահած բնական աղէտին նկատմամբ, նշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն կը հետեւի  սոյն աղէտալի դէպքերուն։
Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ողողումին պատճառած զոհերուն եւ  թողած աւերին  համար, որ ուժգին հարուածած է  Ֆրիթաունի՝ մայրաքաղաքին արուարձանները, վստահեցնելով Նորին Սբրբութեան   մօտիկութիւնը   բոլոր անոնց  հանդէպ, որոնք կորսնցուած են իրենց հարազատները։
«Սրբազան Քահանայապետը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած  բոլոր զոհերուն, անոնց հարազատներուն եւ  բարեկամներուն համար,  հայցելով  Աստուծմէ  զօրութեան  ու սփոփանքի օրհնութիւնները», գրած է Կարդինալ Փարոլինը,   յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի  յղած հեռագիրին մէջ, որուն աւարտին  նշած է թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ աջակցութեան կոչ կ՝ուղղէ բոլորին եւ նեցուկ կը կանգնի շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.